Ֆայեզ Ղոսըն. «Եթէ Ներքին Լիբանանեան Երկփեղկումը Յաւելեալ Լարուածութիւն Արձանագրէ, Ապա Երկիրը Սադրանքներու Թիրախ Պիտի Դառնայ»
Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ լիբանանցիները շնորհաւորեց Ռամատանի առիթով` աւելցնելով, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ զգայուն հանգրուան մը, որուն ընթացքին պէտք է վերջ տալ տարակարծութիւններուն եւ մտածել հայրենիքի կերտումին մասին:
Ղոսըն ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է բոլոր լիբանանցիներուն ջանքերը մէկտեղել` ամրապնդելու համար Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ երկիրը փրկելու համար յաւելեալ երկփեղկումէ, «այլապէս Լիբանան սադրանքներու թիրախ պիտի դառնայ», ըսաւ ան:
Ղոսըն կոչ ուղղեց նաեւ վերսկսելու լիբանանեան ազգային երկխօսութեան:
CATEGORIES Լիբանանեան

