Ժոմպլաթ Կը Զգուշացնէ Բանակին Դէմ Հրահրուող Գրգռութիւններէն Եւ Անիշխանութենէն
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ «Անպա»-ի մէջ լոյս տեսած իր շաբաթական յօդուածին մէջ երէկ նշեց, որ իրեն համար նախընտրելի է «Մտահոգութիւն եւ զգուշացում» կարգախօսը որդեգրել, քան` «Բա՛ւ է վախին» կարգախօսը:
«Ո՛վ որ Լիբանանի ապագայով չի մտահոգուիր ներկայ շրջանային զարգացումներուն լոյսին տակ, անխոհեմ եւ անպատասխանատու կը նկատուի: Եթէ Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կը շարունակեն Լիբանանի մէջ իրենց լարուածութիւնները, ապա մենք յստակ կերպով կը յայտարարենք տիրող կացութեան նկատմամբ մեր մտահոգութիւնը», նշեց ան:
Ժոմպլաթ կոչ ուղղեց զգուշանալու անիշխանութենէն, բանակին դէմ հրահրուող գրգռութիւններէն, ինչպէս նաեւ քաղաքական, համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներէն:
Ժոմպլաթ դրուատեց Ապրայի մէջ լիբանանեան բանակին գործողութիւնը` զայն նկատելով նուաճում մը:

