Տար Ֆաթուա. «Չորեքշաբթի Ռամատանի Առաջին Օրն Է»
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ վաղը` չորեքշաբթի, 10 յուլիսը Ռամատանի առաջին օրն է:
Ռամատանի առիթով միւֆթի Քապպանի Տար Ֆաթուայէն փոխանցեց օրուան պատգամը, որուն մէջ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պայքարելու երկրին դէմ նախապատրաստուող սադրանքներուն դէմ:
Ան ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է քաղաքական տարակարծութիւնները իրենց չափին մէջ պահել եւ զանոնք չվերածել Լիբանանի տարբեր շրջաններուն մէջ տարածուող գրգռութիւններու:
«Լիբանանի մէջ շրջուն սադրանքները կը միտին տապալել լիբանանցիները եւ եղբայրասպան ու միջիսլամական բախումներ պատճառել», ըսաւ հանրապետութեան միւֆթին:
Միւֆթի Քապպանի հաստատեց, որ պէտք է ծայրայեղութեան վերջ տալ եւ գրգռութիւններուն դէմ պայքարը նկատել կրօնական պարտականութիւն` իսլամ եւ քրիստոնեայ քաղաքացիներուն համար:

