Պըրրի Լարիժանիէն Ստացաւ Ռամատանի Շնորհաւորագիր Մը` Ռամատանի Առիթով
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Ռամատանի տօնին առիթով շնորհաւորագիր մը ստացաւ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիէն, որ իր բարեմաղթութիւններուն կողքին անհրաժեշտ նկատած էր ազգային միասնականութեան ամրապնդումը:
Լարիժանի կոչ ուղղեց Պըրրիին ամրապնդելու լիբանանեան եւ իրանեան խորհրդարաններուն միջեւ փոխադարձ գործակցութիւնը:
Միւս կողմէ, Այն Թինէի մէջ Պըրրի ընդունեց ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութեան վերաբերող հարցեր:
Պըրրիի այցելեց Լիբանանի մէջ Նորվեկիոյ դեսպան Սվայն Ասը: Քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Նշենք, որ խորհրդարանի նախագահը «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն նպատակն է խոչընդոտել լիբանանեան պետական հաստատութիւններուն գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի պաշտօնավարութիւնը չերկարաձգելով պատժել զայն:


