Նախագահ Սլէյման Վարչապետ Սալամի Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Մանրամասնութիւնները
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ առաւօտեան Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան մանրամասնութիւնները:
Իր նշանակումէն շուրջ երեք ամիս ետք, Սալամ նախագահական պալատէն յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով տակաւին ոչ մէկ նորութիւն արձանագրուած է, սակայն ինք տակաւին պիտի շարունակէ իր ջանքերը` կազմելու համար ազգային համախոհութեան կառավարութիւն մը:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ ինք անշեղ կը մնայ իր այն կեցուածքէն, որ պիտի կազմէ կառավարութիւն մը, որուն մաս պիտի կազմեն լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերը, պայմանաւ որ կառավարութեան աշխատանքները արգելակելու մթնոլորտ չտիրէ:
Ան աւելցուց նաեւ, որ ինք չի մտածեր հրաժարելու մասին` նկատել տալով միաժամանակ, որ ինք քաղաքական ոչ մէկ կողմէ նախարարի թեկնածուներու անուններ ստացած է:
Վարչապետ Սալամ յայտնեց նաեւ, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ առանցքային դերակատարութիւն ունեցած է իր նշանակումին մէջ եւ կառավարութեան կազմութեան յանձնառութեան իմաստով:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման բարձր գնահատեց լիբանանեան բանակին դերակատարութիւնը` քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու եւ Լիբանանի դէմ նախապատրաստուած սադրանքները հակակշռելու առումով:
Նախագահ Սլէյման բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ բանակին գործած սխալները, որոնց սրբագրութեան պատասխանատուն է անոր հրամանատարութիւնը, պէտք չէ բանակին դէմ վարկաբեկիչ արշաւի նախաձեռնելու դրդապատճառի վերածուին:


