Պռօշեանի Գիւղապետի Ընտրութիւններուն Համար Մնացին Երեք Թեկնածուներ

Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղի ղեկավարի ընտրութիւններուն համար պայքարող հինգ թեկնածուներէն երկուքը հրաժարած են ընտրապայքարէն: Վկայակոչելով Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը` «Արմենփրես» կը յայտնէ, որ իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչած են Ցոլակ Գրիգորեան` ՏԵԼԻՔԹ ընկերութեան տնօրէն եւ Գալուստ Մկրտչեան` Պռօշեանի գիւղապետարանի կրտսեր մասնագէտ:

14 յուլիսին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն պիտի մասնակցին երեք թեկնածուներ. անկուսակցական Ալեքսան Ալեքսանեան` «Նախագիծերու պետական արտագերատեսչական փորձաքննութիւն» ընկերութեան գլխաւոր մասնագէտ, Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան անդամ Արթուր Մուրադեան, ՀՅԴ-ի անդամ Վովա Սահակեան` Պռօշեանի համայնքի ղեկավարի տեղակալ: Բոլոր թեկնածուները ինքնառաջադրուած են:

Կոտայքի մարզի Պռօշեան գիւղին մէջ գիւղապետի ընտրութեան քարոզարշաւը սկսած է 2 յուլիսին: Թեկնածուները նախընտրական քարոզարշաւին համար 500 հազար դրամը գերազանցող գումարէն աւելի չեն կրնար ծախսել: Ընտրութիւններու արդիւնքները պիտի յայտարարուին 19 յուլիսին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )