Մոլտաւիացի Խորհրդարանական Փաստաբանը Պատասխանատուութեան Պիտի Կանչուի

Աուրելիա Կրիկորիու

Մոլտաւիական Publica.md լրատուական կայքէջը կը տեղեկացնէ, որ մոլտաւիացի մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Աուրելիա Կրիկորիուն, որ գայթակղիչ յայտարարութիւն կատարած էր Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, կրնայ կորսնցնել խորհրդարանական աջակցութիւնը:

Մոլտաւիոյ խորհրդարանի նախագահ Իկոր Քորման երէկ յայտարարեց, որ Կրիկորիու վնաս հասցուցած է երկրի վարկանիշին, եւ որ անոր բացատրութիւնները պէտք է լսէ մարդկային իրաւունքներու հարցերով խորհրդարանական յանձնախումբը: «Ոչ մէկ պարագայի կարելի է թոյլ տալ այսպիսի յայտարարութիւններ, որոնք վնաս կը հասցնեն Մոլտաւիոյ վարկանիշին: Ատիկա լուրջ սխալ էր: Այդպիսի բան պէտք չէր ըլլար», յայտարարեց Քորման:

Իսկ երեսփոխան Մարիան Լուփուի կարծիքով, Կրիկորիու իրաւունք չունէր քաղաքական յայտարարութիւն կատարելու: «Ես չեմ բացառեր այնպիսի գործօնի գոյութիւնը, ինչպիսին մարդկային յիմարութիւնն է, ի հարկէ, եթէ խօսքը աւելի սարսափելի բանի մասին չէ` քաղաքական պարտաւորութեան եւ բեմականացուած գործողութեան», ըսաւ ան:

Մոլտաւիոյ հայկական համայնքը կը պահանջէ, որ երեսփոխանները յետս կոչեն Կրիկորիուի` խորհրդարանական փաստաբանի իրաւագիրը:

Share this Article
CATEGORIES