Արցախ. Նախագահ Սահակեան Ընդունեց Սփիւռքէն Եւ Հայաստանէն Արցախ Ժամանած Խումբ Մը Երիտասարդներ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան նախանցեալ օր ընդունեց «Դէպի Հայք» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ սփիւռքէն եւ Հայաստանէն Արցախ ժամանած խումբ մը երիտասարդներ:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց «Դէպի Հայք» հիմնադրամի գործունէութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ` այս աշխատանքը յատկապէս պահանջուած նկատելով հայ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մատաղ սերունդի հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւնէն:
Հանդիպման ընթացքին նախագահը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու տարբեր հարցումներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ Արցախի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմնախնդիրներուն:
CATEGORIES Հայկական

