Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեզի պակսողը միայն մարզանքն է, պէտք է հետեւիք որեւէ մարզաձեւի, որպէսզի զգաք երիտասարդանալու հաճոյքը: Ինչո՞ւ կը ծուլանաք, դուք ձեզի մղեցէք մարզանքի, պիտի տեսնէք թէ արդիւնքը որքան լաւ պիտի ըլլայ:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ընտանիքի մը նիւթական պահանջները բաւարարելու համար պէտք է, որ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ մասնակցի անոր ծախսերուն: Պարտաճանաչ եղէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր զաւակներուն կամ անչափահասներուն սորվեցուցէք այնպիսի բաներ, որոնք սովորականէն դուրս են: Անբնականը արգիլելու մի վարանիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Եթէ արձակուրդ չէք առած եւ պիտի աշխատիք, գիտցէք, որ պիտի կարենաք մնալ աւելի հանգիստ ու խաղաղ մթնոլորտի մէջ եղէք: Գոհ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Օգտուեցէք այն բացառիկ առիթէն, որ մարդու կեանքին մէջ մէկ անգամ կը պատահի: Ասիկա կը նշանակէ, թէ այսօր պէտք է ըլլաք շրջահայեաց:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Պիտի ըլլաք պայծառատես եւ լուսամիտ այն առաջարկին դիմաց, որ կը պահանջէ ընտրութիւն մը կատարել: Պիտի տիրանաք ձեր բախտին բաժինին:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի հրաւիրուիք տօնական առիթով մը տրուած ուրախութեան մը: Պիտի ընդունիք հրաւէրը, որովհետեւ շատ պէտք ունիք ուրախանալու:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընկերային կեանքին մէջ ձեր յարաբերութիւնները պիտի ըլլան անկեղծ եւ պարկեշտ: Շարունակեցէք նոյն ձեւով, նոյն անձերուն հետ, գոհ կ՛ըլլաք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գրելը, ընթերցումը կամ մշակութային հանդիպումի մը ներկայ ըլլալ լաւագոյն ժամանցը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Արուեստով մը զբաղեցէք:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լաւատես եղէք. ձեր բախտին աստղերը ձեր կողքին են այս պահերուն: Գիտցէք կեանքին ժպտիլ, որպէսզի ան ալ ձեզի ժպտի եւ ձեզ ուրախացնէ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեզի պիտի առաջարկուի մասնակցութիւն բերել ընկերովի աշխատանքի մը: Լաւ սերտեցէք առաջարկը, որովհետեւ մեծ առաւելութիւններ կրնայ ունենալ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործին վերաբերեալ լաւ լուրեր պիտի ստանաք: Օրը ունի ձեզ գոհացնելու լաւ պայմաններ` նիւթական եւ բարոյական տեսակէտով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )