50 Տարի Առաջ (10 Յուլիս 1963)

Լիբանանի Հայոց Թեմի Նորընտիր Առաջնորդ
Տաճատ ԱրքԵրէկ Ժամանեց Պէյրութ

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան` վերջնականապէս հրաժեշտ տալով Ճեզիրէի առաջնորդական իր նախկին պաշտօնին, երէկ, երեքշաբթի, 9 յուլիս 1963-ին «Միտլ Իսթ Էր Լայն» ընկերութեան օդանաւով, ժամը 12:45-ին ժամանեց Խալտէի օդակայանը:

Սրբազան հօր դիմաւորելու գացած էին կաթողիկոսարանին կողմէ Արտաւազդ Ծ. վրդ. Թրթռեան եւ Վարդան վրդ. Տէմիրճեան, Լիբանանի հայոց Քահանայից դասը` իր ամբողջական կազմով, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան, Գաւառականի եւ Քաղաքական ժողովներու անդամեր, Մեթնի պետական երեսփոխան մեթր Վարդգէս Շամլեան, Թաղականութեանց ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ ազգայիններ:

Ապա սրբազանը ինքնաշարժներով առաջնորդուեցաւ դէպի Ս. Նշան եւ զանգակի աւետաբեր ղօղանջիւններուն տակ, հանդիսաւոր թափօրով ու «Հրաշափառ»-ով մուտք գործեց լուսավառուած Մայր եկեղեցի:

Յաւուր պատշաճի աղօթքէն ետք, սրբազանը` խօսքը ուղղելով ներկաներուն ըսաւ. «Ծառայելու կոչուած այս նոր պաշտօնիս մէջ, որ վստահուեցաւ ինծի ազգին կողմէ, պիտի ջանամ կարողութեանս ներածին չափ օգտակար ըլլալ»:

Այնուհետեւ շնորհակալութեան իր խօսքը ուղղեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. կաթողիկոսին` մաղթելով արեւշատութիւն, շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Ազգային իշխանութեանց եւ ազգին, աղօթելով առ Աստուած, որպէսզի անսասան եւ խաղաղութեան մէջ պահէ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցին եւ Հայոց ազգը, ցրուած ի սփիւռս աշխարհի:

«Տէր կեցոյ» խմբերգով ու թափօրով, սրբազանը առաջնորդուեցաւ դէպի Առաջնորդարան, ուր տեղի ունեցաւ աջահամբոյր եւ հիւրասիրութիւն:

Քահանայից Դասուն կողմէ Խորէն Ա. քհնյ. Աճէմեան բարի գալուստի ուղերձ մը կարդաց:

Առաջնորդ սրբազանը կրկին անգամ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն հանդէպ եղած այս ընդունելութեան համար:

Քառորդ ժամ հանգստանալէ ետք, մեկնեցաւ կաթողիկոսարան, վեհափառ հօր տեսութեան:

 

Հայաստան

Ակսել Բակունցի Յիշատակը

Չորս տարի առաջ` 1959 հոկտեմբերին, Գորիսի իր ծննդավայրին մէջ հանդիսաւոր ձեւով նշուած է Ակսել Բակունցի ծննդեան 60-ամեակը եւ այս առթիւ պաշտօնապէս խօսք եղած է Գորիսի մէջ հաստատելու Ակսել Բակունցի տուն-թանգարանը քաղաքին փողոցներէն մէկը եւ դպրոց մը անոր անունով կոչելը եւ վերջապէս գրագէտին կիսանդրիին շինութիւնը:

Հակառակ այս խոստումներուն, «անցել է չորս տարի, բայց ոչ տուն-թանգարանի ստեղծման գործն է գլուխ գալիս, ոչ էլ կիսանդրու կառուցման», դիտել կու տայ սրտցաւ նամակագիր մը` Գորիսէն:

Նոր Պանդոկ

Երեւանի «Սեւան», «Երեւան» եւ «Արմենիա» պանդոկներու կողքին, մօտ ատենէն պիտի կառուցուի նաեւ «Նայիրի»-ն, որ պիտի ըլլայ Երեւանի մեծագոյն պանդոկը: Ան պիտի ունենայ 12 յարկ եւ պիտի բաղկանայ երկու հարիւր սենեակներէ: Նոր պանդոկը իր սլացիկ շինուածքով եւ նորաձեւ ճարտարապետական յարդարանքով նոր տեսք մը պիտի տայ իր շրջապատին:

Ցուցահանդէս

Վերջերս Երեւանի պետական պատկերասրահին մէջ բացուեցաւ ԺԶ.-ԺԹ. դարերու արեւմտեան Եւրոպայի կերպարուեստին նուիրուած ցուցահանդէսը:

Ցուցադրուած են իտալացի, հոլանտացի, ֆրանսացի, գերմանացի եւ ուրիշ ականաւոր նկարիչներու 66 գործերը:

Հնութիւններ Գտնուած

Գուգարքի գաւառը, Հայաստանի այլ շրջաններուն նման հարուստ է հնադարեան մշակոյթի գանձերով: Պատմաբանները եւ հնախոյզները տարիներէ ի վեր պեղումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն հոն: Վերջերս գտնուած են դամբարաններ, որոնք 2500-3000 տարուան հնութիւն ունին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )