«Ազդակ»` Ութսունվեց Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Սիսի Եւ Նոր Ատանայի Հայկական Վարժարանները` 1950-ական Տարիներուն
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պուրճ Համուտի հայ կեանքի տարբեր երեւոյթներուն «Ազդակ» անդրադարձած է պարբերաբար: Հայաքաղաքին 1950-ական տարիներու կեանքին եւ յատկապէս հայկական վարժարաններուն մասին վաւերական տեղեկութիւններ ու հետաքրքրական մանրամասնութիւններ արձանագրուած են առանձին յօդուածներով:
23 յունուար 1954-ի թիւով եւ «Նոր Սիս եւ իր դպրոցները» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
«Նոր Սիսի բնակչութիւնը աւելի քիչ է բաղդատմամբ Նոր Մարաշին: Այս շրջանին մէջ գոյութիւն ունի եկեղեցի մը` Ս. Սարգիս, որ այս, տարի, շնորհիւ ժողովուրդին լայն աջակցութեան, վերածուեցաւ գեղակառոյց տաճարի մը: Այս ձեւով` ժողովուրդը ունեցաւ, եթէ ոչ Նոր Մարաշի Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ տարողութեամբ, գէթ անոր վեհութեան մօտեցող աղօթարան մը:
Պուրճ Համուտի մարզական կեանքին կեդրոնն է, կարելի է ըսել, այս շրջանը: Ցարդ սեփական միակ ակումբը կը գտնուի այստեղ, որով` պատանի եւ երիտասարդ տղոց համար ամէնօրեայ մարմնամարզի պատրաստ սրահ մըն է:
Վերջերս Նոր Սիսի մերձակայքը գտնուող թաղամասին բնակչութիւնը աւելցաւ, որուն հետեւանքով ստեղծուեցաւ նոր շրջան մը` Արագած: Լիբանանահայ օգնութեան խաչը այստեղ ունի մասնաճիւղ մը, Նոր Սիսէն զատ, որ ամէն ջանք կը թափէ օգտակար ըլլալու համար կարօտեալներուն: Արագած թաղամասը ունի նաեւ իր առանձին պատանեկան միութիւնը, «Խանասոր», որուն անդամներուն թիւը արդէն իսկ սկսած է մօտենալ Նոր Սիսի «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան:
Նոր քաղաքապետութիւնը յատկապէս հոգ պէտք է տանի այս երկու շրջաններուն: Ձմեռը անտանելի է եւ ճամբաներէն շատերը տակաւին գռիհներ են գրեթէ:
Լուսինեան Ազգային Վարժարան
400-է աւելի աշակերտութիւն խմբուած է այստեղ, 15 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներու խնամքին տակ: Դպրոցին տնօրէնն է ընկ. Ս. Բախտիկեան:
Այս վարժարանին աշակերտութիւնը բացառութիւն չի կազմեր: Հո՛ս ալ խմբուած են աղքատ ընտանիքներու զաւակները, որով` կրթաթոշակներէն գոյացած գումարը, վարժարանին տարեկան պիւտճէին հազիւ կէսը կրնայ փակել:
Տարիներէ ի վեր Լուսինեան Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը բաժնուած է երկու սրահներու մէջ: Նախակրթարանը ունի իր առանձին շէնքը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ կից: Մանկապարտէզի աշակերտութիւնը խմբուած է «Ազիրեան» սրահին մէջ: Այս շէնքը տարիներ առաջ, Մ. Ազիրեան ձրիաբար տրամադրած է դպրոցին: Այս առթիւ վարժարանին վարչութիւնը եւ Նոր Սիսի բնակչութիւնը իրենց ջերմ շնորհակալութիւնը կը յայտնեն Մ. Ազիրեանին:
Լուսինեան Ազգային վարժարանին մէջ ամէնէն աւելի սան կը պահէ Լիբանանի օգնութեան խաչը (60 աշակերտ), կան նաեւ այլ միութիւններ, որոնք մասնակի վճարումներ կ՛ընեն, իրենց քանի մը սաներուն փոխարէն:
Անցեալ տարի դպրոցը 25 աշակերտներ արձանագրած է բոլորովին ձրի: Ասոնք այլ շրջաններէ եկած եւ հաստատուած էին Նոր Սիսի մերձակայքը եւ իրենց թաղամասին տուած Նոր Գիւղ անունը: ՀԲԸՄ-ը անմիջապէս փութաց դպրոց մը հիմնել արդէն իսկ տարիներու հնութիւն ունեցող վարժարանի մը քթին տակ` յատկապէս այս 25 աշակերտներուն համար: Սակայն Ազգային առաջնորդարանը ընդդիմացաւ եւ նիւթական անձուկ պայմաններու մէջ գտնուող այս աշակերտութիւնը տեղաւորեց Լուսինեան Ազգային վարժարանին մէջ, բոլորովին ձրի, ինչպէս ըսինք, նոյնիսկ առանց մուտքի դրամի:
Հակառակ սակայն ամէն տեսակ եւ ի մասնաւորի նիւթական ահռելի դժուարութեանց, դպրոցին անյարմարութեան, վարժարանին հոգաբարձութիւնը եւ ուսուցիչները ջանք չեն խնայեր աշակերտներուն օգտակար ըլլալու համար:
Բազմաթիւ աշակերտներ կ՛օգտուին Պնակ մը կերակուրէն: ՀԲԸՄ-ը ձկան իւղ կը բաժնէ կարգ մը աշակերտներու, ինչպէս նաեւ առաւօտեան կաթ: Սնունդի տեսակէտէն կատարուած այս օժանդակութիւնը, իր օգտակարութիւնը ունի չքաւոր աշակերտներու նկատմամբ:
Աշակերտութեան առողջական վիճակը գոհացուցիչ է ընդհանուր առմամբ, ինչպէս կը վկայէ վարժարանին տնօրէնը. յաճախակի մարզանքները` ուսանողները առողջ եւ կայտառ կը պահեն:
Լուսինեան Ազգային վարժարանը ունի Շրջանաւարտից միութիւն մը, որ յաճախակի հանդիպումներ կ՛ունենայ զանազան միութիւններու հետ, գրական եւ պատմական վիճաբանութիւններով: Կրնանք ըսել, որ Պուրճ Համուտի առաջին վաժարանն է Լուսինեանը, որ շրջանաւարտից զօրաւոր միութիւն մը ունի:
Ս. Ագնէս Վարժարան
Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու
Ս. Ագնէսը Պուրճ Համուտի միակ աղջկանց վարժարանն է, 550 աշակերտուհիներով եւ 24 պաշտօնեաներով:
Գրեթէ բոլորն ալ աղքատ ընտանիքներու զաւակները, տան մէջ յաճախ տրտում, որովհետեւ ընդհանրապէս զուրկ են դաս սորվելու յարմարութիւններէ, սակայն դպրոցին մէջ` այցելու մը կը հանդիպի առողջ եւ կայտառ աղջիկներու, որոնք երբեք չեն յիշեցներ իրենց ընտանեկան թշուառութիւնը: Դպրոցը ունի ընդարձակ խաղավայր մը, որուն եզերքներէն բարձրացող ծաղիկները արտակարգ փայլ մը կու տան վարժարանին եւ ոգեւորութիւն ու մտքի արթնութիւն` աշակերտուհիներուն:
Վարժարանէ մը ներս կանաչութիւնը, պէտք է ըսել, որ կ՛ազդէ ուսանողներու հոգեբանութեան: Փողոցներու տաղտուկէն յետոյ, աշակերտը պահ մը կ՛ընդարմանայ` ի տես ներսի հանդարտութեան: Դժբախտաբար սակայն, այս պարագան բոլորովին անտեսուած է մեր դպրոցներուն մէջ, տեղի չգոյութեան պատճառով: Պուրճ Համուտի մէջ միայն Ս. Ագնէս վարժարանն է, որ գիտցած է օգտագործել իր բակին ընդարձակութիւնը: Աւելի լաւ պիտի ըլլար նոյնը տեսնել նաեւ Մեսրոպեան մանչերու վարժարանին մէջ, որ նոյնպէս ընդարձակ հող ունի իր առջեւ:
Ս. Ագնէս վարժարանին մէջ, ոգեւորիչ երեւոյթ մըն է նաեւ տեսնել, որ մուտքի դռնէն մինչեւ դասարանները բծախնդրութիւն մը կը տիրէ: Այս առնչութեամբ` մասնաւոր հոգ կը տարուի դպրոցէն ներս, նկատելով, որ ուսանողուհիները պիտի պատրաստեն վաղուան սերունդը: Հակառակ անոր որ ուսանողուհիները տարեկան պիւտճէին հազիւ 1/3-ը կ՛ապահովեն, հայ մայրապետները իրենց ջանքերը չեն խնայեր, որպէսզի դպրոցէն ներս աշակերտուհիները ըլլան երջանիկ: Միշտ իրենց ժողովուրդի զաւակներուն օգնելու արտակարգ փափաք մը, որ հայ մայրապետներու ազնուութեան էական մէկ գիծը կը կազմէ:
Դասացուցակին վրայ նշանակուած են մարզանքի երեք պահեր, որոնք կանոնաւորաբար կը գործադրուին, որոնց հետեւանքով, աշակերտութեան առողջական վիճակը զգալիօրէն լաւ է: Դպրոցէն ներս ֆրանսական սէրթիֆիքայի դասընթացքը կը գործադրուի, հայկականին զուգահեռ:
Վարժարանի շէնքին երրորդ յարկը կիսաւարտ է. կը սպասուի, որ բարերարի մը օժանդակութեամբ ամբողջացուի եւ դպրոցին ուսումնական մակարդակը բարձրացնեն:
Ս. Ագնէս վարժարանին տնօրէնուհին է մայր Իզապէլ Չոլաքեան, որ ազգային լայն կրթութիւն մը կը ջամբէ ուսանողուհիներուն:
Լեզուական եւ պատմական դասերէն զատ, դպրոցը ունի նաեւ գեղարուեստական բաժին մը, ուր աշակերտուհիները կը սորվին նաեւ դաշնակ նուագել, նկարչութիւն, ձեռագործ եւ երգ, որոնք հոգեկան արթնութեան նախատարրերը կը կազմեն:
Ամենայն վստահութեամբ կրնանք ըսել, որ Ս. Ագնէս վարժարանի ուսանողուհիները կը ներկայացնեն Պուրճ Համուտի աղջիկներուն ամենաերջանիկ զանգուածը, եթէ ներելի է գործածել այս բառը, դպրոցական յարկի մը տակ խմբուած 550 աղջիկներուն համար:
***
30 յունուար 1954-ի թիւով եւ «Նոր Ատանա եւ Աբգարեան ազգային վարժարանը» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
«Նոր Ատանան` Նոր Մարաշին հետ ամենահին թաղամասն է Պուրճ Համուտի: Արդարեւ, գաղթէն վերջ այս երկու շրջանները գրեթէ միասին սկսած են շէննալ: Սակայն ներկայիս Նոր Ատանան իր բնակչութեան թիւով շատ աւելի պակաս է միւս շրջաններէն: Ինչպէս ամէն տեղ` հո՛ս ալ կը գործեն Օգնութեան խաչը եւ Պատանեկան միութիւն մը` «Զաւարեան» անուան տակ:
Կան երկու մեծ թաղամասեր, Նոր Թոմարզա եւ Իթալեան, որոնք մաս կը կազմեն Նոր Ատանային:
Կազմակերպութիւններուն աշխատանքները ոգեւորիչ են, սակայն միւսներուն նկատմամբ լքուած շրջան մը ըլլալով եւ պայմաններու բերումով` չի կրնար ամբողջացնել իր ուսերուն ծանրացած պարտականութիւնը:
Փողոցներու նկատմամբ Նոր Ատանայի բնակչութիւնը աւելի բախտաւոր չէ միւս շրջաններէն: Թէեւ վերջերս մաքրութիւնը զգալի երեւոյթ մըն է, սակայն տակաւին ճամբաներու շինութիւնը կը մնայ հին վիճակի մէջ, յոյս ունինք, որ շուտով ասոնք ալ կը վերսկսին:
Աբգարեան Ազգային Վարժարան
Նոր Ատանայի Աբգարեան վարժարանը բոլորովին բարեփոխուած է: Վարժարանին մէկ տարուան մէջ արձանագրած յառաջդիմութիւնը հրճուանք կ՛առթէ ամէն հայու: Արդարեւ, վերակառուցուած է շէնքը, որ նախապէս շատ խղճալի երեւոյթ մը ունէր: Դպրոցին կցուած է նոր շէնք մը, որ վերանորոգուելով դասարաններու վերածուած է: Այս ձեւով, մանկապարտէզի աշակերտները ունեցան առանձին դասարաններ, որով` նախապէս կատարուող հաւաքական ուսուցումը, ներկայիս անցած է անհատականի: Այս պարագան ուրախութեամբ մեզի յայտնեց, դպրոցին տնօրէն` Շաւարշ Մակարեան, գովելով թաղականութեան ժրաջան աշխատանքը` մի՛շտ դպրոցին օգտակար ըլլալու առաջադրութեամբ:
Աշակերտութեան թիւը զգալիօրէն աւելցած է: Նախորդ տարի դպրոցը ունէր 380 աշակերտ, որ ներկայիս բարձրացած է 510-ի: 130 նոր ուսանողներու այս յաւելումը, ինքնին արդէն զօրաւոր փաստ մըն է վարժարանին արձանագրած յառաջդիմութեան:
Աբգարեան Ազգային վարժարանը ունի 19 ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք կազմուած են կարող դասատուներէ, ինչպէս կը վկայէ դպրոցին տնօրէնը:
Անցեալ տարուան վրայ կատարուած ուսուցչական բարեփոխումները մեծ դեր ունեցած են աշակերտութեան յաւելման նկատմամբ:
Աշակերտութիւնը կը բաղկանայ աղքատ ընտանիքներու զաւակներէն, որով` կրթաթոշակներէ գոյացած գումարը հազիւ կը փակէ դպրոցին տարեկան պիւտճէին կէսը:
Այս պարագան վարժարաններու թաղականութեանց համար ամէնէն մտահոգիչ հարցն է, աւելի քան որեւէ հարց: Արդ, հարկ կը զգանք այստեղ ըսելու, որ միութիւնները, իրենց սաներու թիւը պէտք է աւելցնեն, որքան որ կարելի է, որովհետեւ վաղուան սերունդը պիտի կազմուի այսօրուան մանուկներէն: Ազգապահպանման հարցին ամէնէն աւելի օժանդակութիւն կարելի է տալ` ա՛յս մարզին մէջ:
Լիբանանի օգնութեան խաչը` ինչպէս բոլոր վարժարաններուն, այստե՛ղ ալ ամէնէն աւելի սան պահող միութիւնն է (39 սան), որմէ յետոյ կու գայ Ատանայի հայրենակցական միութիւնը, որ կը պահէ 18 աշակերտ-աշակերտուհի:
Առօրեայ սնունդի պակասէն տառապող աշակերտներուն համար, Օգնութեան խաչը հոս ալ հաստատած է պնակ մը կերակուրի դրութիւնը, որմէ կ՛օգտուին 70 ուսանող-ուսանողուհիներ: Այս նպատակով ՀԲԸՄ-ը կարգ մը աշակերտներուն առաւօտեան կաթ կը բաժնէ:
Ընդհանուր առմամբ աշակերտներուն առողջական վիճակը լաւ է: Յաճախակի դարմանումներ կը կատարուին Օգնութեան խաչի, Հաուըրտ Գարակէօզեանի եւ ՀԲԸՄ-ի հաստատութիւններուն կողմէ: Չքաւոր հիւանդ ուսանողներ կը քննուին Օգնութեան խաչի եւ ՀԲԸՄ-ի դարմանատուներուն մէջ, ի հարկին ստանալով նաեւ դեղերը:
Աբգարեան Ազգային վարժարանի աշակերտները ունին տնօրէն մը` ուսուցչական զօրաւոր կազմի մը հետ, որ միացած թաղականութեան, կուրծք կը ցցէ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, կանգուն պահելու համար դպրոցը: Վարժարանին տարեկան պիւտճէն 26.000 լ. ոսկի է, որուն 13.000-ը կ՛ամբողջանայ կրթաթոշակներէ: Օժանդակ միութիւնները կը վճարեն 4300 լ. ոսկի, իրենց որդեգրած սաներուն համար:
Ինչպէս կը տեսնուի, դպրոցը տարեկան 8-9 հազար լ. ոսկիի բաց մը ունի: Այս պատկառելի վարժարանին պաշտօնէութիւնը եւ թաղականութիւնը միասին, ձեռնարկներով եւ ստացուած փոքր նուէրներով, որ դժուարին գործ մըն է, նկատի առած ամբողջացուելիք գումարին քանակը եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը:
***
Իսկ 2 փետրուար 1954-ի թիւով եւ «Թաղային փոքր վարժարաններու» խորագիրով յօդուածով «Ազդակ» կը գրէր.
Արամեան Ազգային Վարժարան
Թաղային փոքր վարժարաններու ամէնէն աւելի աշակերտութիւն ունեցող դպրոցն է այս, որ կը գտնուի Պուրճ Համուտի Սին էլ Ֆիլ շրջանին մէջ:
Այս վարժարանը ունի մանկապարտէզ մը եւ նախակրթարանի 5 դասարաններ: Աշակերտութեան ընդհանուր թիւն է 173, որոնք կը դաստիարակուին 9 մնայուն եւ 3 այցելու ուսուցիչ-ուսուցչուհիներով: Տնօրէնն էր` Յար. Տէր Յակոբեան:
Արամեան Ազգային վարժարանը կը տառապի շէնքի պակասէն: Բարեբախտաբար այս դպրոցը իր առջեւ ունի բաւականաչափ ընդարձակ հողամաս մը, որ կը սպասէ շինութեան:
Աշակերտութիւնը աղքատ ընտանիքներու զաւակներէն կազմուած է, որով` դպրոցին տարեկան պիւտճէին հազիւ 1/3-ը կը գոյանայ կրթաթոշակներէն: Ուսանողները կ՛օգտուին Պնակ մը կերակուրէն, ինչպէս նաեւ Գարակէօզեան եւ ՀԲԸՄ-ի դարմանատուներէն ստանալով առաւօտեան կաթ, ձկան իւղ եւ հարկի ներարկումներ: Հակառակ սակայն խեղ ճ վարժարան մը ըլլալուն` կայտառ աշակերտներ ունի եւ առողջապահական տեսակէտէն մեր հարցումին պատասխանելով դպրոցին տնօրէնը ըսաւ.
– Թէեւ թշուառ աշակերտներ ունինք, սակայն բոլորն ալ հարուստ են առողջապահական տեսակէտէն:
Բոլոր վարժարաններուն պէս այստեղ ալ Լիբանանի օգնութեան խաչը կը պահէ ամէնէն աւելի սան-սանուհիներ, թիւով 20, որմէ յետոյ կու գայ Աղքատասիրաց միութիւնը, որ 17 սան-սանուհի ունի դպրոցին մէջ: ՀԲԸՄ-ը ուսուցիչ մը ղրկած է, սանի փոխարէն:
Մաղթենք, որ Արամեան վարժարանը շուտով ունենայ իր գեղեցիկ շէնքը, որ պիտի նպաստէ աշակերտներու յաւելման եւ աւելի լաւ ուսուցման:
Կիլիկեան Ազգային Վարժարան
Կիլիկեան Ազգային վարժարանը կը գտնուի Նոր Ատանայի Իթալիան թաղամասին մէջ եւ կը կառավարուի Աբգարեան Ազգային վարժարանի թաղականութեան կողմէ: Տնօրէնուհին է` Ա. Քէօշկէրեան:
Երբ ներս կը մտնենք վարժարանէն, որ քանի մը հիւղերու միացումով կազմուած է, աշակերտներու ձայները արդէն խառնուած են իրարու: Քանի մը աշակերտներէ կազմուած սենեակի մը մէկ անկիւնը` տեսչարան, ուր կը նստինք տեղեկութիւններ առնելու դպրոցին տնօրէնուհիէն:
135 աշակերտներ կան բաժնուած մանկապարտէզի մը եւ նախակրթարանի 4 դասարաններուն մէջ : Տնօրէնութիւնը եւ թաղականութիւնը ներկայիս նպատակ չունին դասարաններ աւելցնելու, որովհետեւ 4-րդ դասարանը աւարտող աշակերտները իրենց ուսումը կը շարունակեն Աբգարեան Ազգային վարժարանին մէջ:
Կիլիկեան Ազգային վարժարանին մէջ պաշտօնավարող 7 ուսուցչուհիներուն միակ մտահոգութիւնն է շէնքին պակասը: Օրդ. Գարակէօզեան 10.000 տոլար նուիրած է այս նպատակին համար եւ յոյս ունինք, որ շուտով կը սկսի շինութիւնը, արդէն իսկ վարժարանին սեփականութիւն դարձած հողին վրայ: Այս ձեւով աշակերտութիւնը կրնայ աւելի յառաջդիմել եւ առողջապահականօրէն բարելաւուիլ:
Աշակերտութիւնը վարժարանին տարեկան պիւտճէին հազիւ 1/3-ը կրնայ փակել, որ կ՛ամբողջացուի նուիրատուութիւններէ եւ ձեռնարկներէ:
Վարժարանին մէջ ամէնէն աւելի սան պահող միութիւններն են Օգնութեան խաչը (5) եւ Աղքատասիրացը (9): ՀԲԸՄ-ը սանի փոխարէն տրամադրած է 2 ուսուցչուհի: Աշակերտները կը դարմանուին Գարակէօզեանի, ՀԲԸՄ-ի եւ Օգնութեան խաչի դարմանատուներուն մէջ:
Չքաւոր աշակերտները կ՛օգտուին Պնակ մը կերակուրի դրութենէն, որ կը սնուցանէ 25 ուսանողներ: ՀԲԸՄ-ը կը բաժնէ առաւօտեան կաթ:
Հակառակ ամէն անյարմարութիւններով համբաւաւոր ըլլալուն Կիլիկեան Ազգային վարժարանի աշակերտութիւնը առողջ է ընդհանուր առմամբ եւ ուսուցչական կազմը ջանք չի խնայեր անոնց օգտակար ըլլալու համար»:

