Հայրենի Կեանք

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

«Ոսկէ Ծիրան» Փառատօնի Բացում`
Նշանաւոր Արուեստագէտներու Մասնակցութեամբ

Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ 7 յուլիսին պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ հայաստանեան մշակութային կեանքի կարեւորագոյն իրադարձութիւններէն մէկուն` «Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 10-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնին: Փառատօնին բացման հանդիսաւոր արարողութեան նախորդեց Ազատութեան հրապարակին վրայ փառատօնին աւանդական բաղկացուցիչներէն մէկը դարձած Կարմիր գորգի արարողութիւնը, որուն վրայէն անցան փառատօնի հիւրերն ու Երեւան ժամանած անուանի շարժապատկերի գործիչներ:

Տօնական երեկոն մեկնարկեց Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբին ելոյթով: «Անցած տասը տարիների ընթացքում շատ բան փոխուեց, եւ փառատօնը չէր կայանայ առանց պետական եւ մասնաւոր հատուածի աջակցութեան», իր խօսքին մէջ ըսաւ փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեանը: Ան յատուկ մրցանակ յանձնեց տասը տարիներէ ի վեր փառատօնին գլխաւոր հովանաւորը հանդիսացող «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրկեանին` մնայուն կերպով փառատօնին նկատմամբ ցուցաբերած աջակցութեան համար:

«Ակամայից պէտք է յիշենք 2004 թուականը, երբ փառատօնի հիմնադրմանը շատերը թերահաւատօրէն էին մօտենում, սակայն այն իր վստահ քայլերով կայացաւ», նշեց մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը` աւելցնելով, որ «Ոսկէ ծիրան»-ը նորանկախ Հայաստանի մշակութային կեանքին գլխաւոր ձեռքբերումներէն մէկը հանդիսացաւ: Մշակոյթի նախարարը նաեւ կարդաց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի` «Ոսկէ ծիրան»-ին ուղղուած շնորհաւորական ուղերձը, որուն մէջ յատկապէս նշուած էր. «Հայաստանը դեռ շատ անելիքներ ունի համաշխարհային շարժապատկերի քարտէսի վրայ իր դիրքն ամրապնդելու համար, ուստի առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի «Ոսկէ ծիրան»-ի` տարածաշրջանում առաջնային շարժապատկեր փառատօն լինելու փաստը: Անուրանալի է, որ այսպիսի փառատօնը մեծ պատիւ է ցանկացած երկրի համար եւ հիանալի առիթ` մշակութային նոր կապեր հաստատելու ուղղութեամբ: Դա է վկայում փառատօնի մասնակիցների ընդարձակ աշխարհագրութիւնը, ինչպէս նաեւ` միջազգային լայն լսարան ունեցող մի շարք լրատուամիջոցների հետաքրքրութիւնը «Ոսկէ ծիրան»-ի եւ մեր երկրի հանդէպ», յայտնած է նախագահը` յաջողութիւն մաղթելով կազմակերպիչներուն եւ մասնակիցներուն:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ նշանաւոր բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանը. «Երբ մեզի հարց կու տան, թէ ի՞նչ կը նշանակէ հայ ըլլալը կամ ի՞նչ եղած է հայերուն նպաստը աշխարհին, մենք յաճախ մէկ բառով կը պատասխանենք`

«Ազնաւուր»: Ազնաւուրը աստուածային պարգեւ է մեզի. ան անձ մըն է, որ կը սիրէ իր ժողովուրդը, որ իր կարգին կը սիրէ Ազնաւուրը», ըսաւ Էկոյեան` «Փարաջանովեան թալեր» մրցանակը Ազնաւուրին յանձնելու պահուն:

Փառատօնի բացման արարողութիւնը եզրափակուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի գլխաւոր դերակատարութեամբ, բեմադրիչ Ֆրանսուա Թրիւֆոյի «Կրակել դաշնակահարին վրայ» ժապաւէնի ցուցադրութեամբ: Երեկոյի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ «Հովեր» սենեկային երգչախումը, ինչպէս նաեւ` Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի մենապարողներ Ժագլին Սարխոշեանը եւ Ռուբէն Մուրադեանը:

Նշենք նաեւ, որ այս առիթով, 7 յուլիսին տեղի ունեցաւ ծիրանի օրհնութիւն:

Շարլ Ազնաւուրի Աստղի Բացում`
Ազնաւուրի Հրապարակին Վրայ

«Ոսկէ ծիրան» Երեւանի 10-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի յոբելենական մեկնարկը տրուեցաւ Շարլ Ազնաւուրին անունը կրող հրապարակին վրայ` անոր «Աստղի» բացումով: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը «Մոսկուա» շարժապատկերի թատրոնին յարակից տարածքին մէջ համախմբուեցան փառատօնին հիւրերը, համաշխարհային ճանաչում ունեցող բեմադրիչներ, հասարակական-մշակութային, քաղաքական նշանաւոր գործիչներ եւ երեւանաբնակներ:

Բացումին անձամբ ներկայ էր նաեւ նշանաւոր արուեստագէտ Շարլ Ազնաւուրը, որ այս առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին:

«Սիրելի՛ բարեկամներ, շա՛տ սիրելի Շարլ: Շա՜տ, շա՛տ ուրախ ենք, որ ձեր անունը կրող հրապարակում ձեր անունը կրող աստղ ենք բացում. աստղ, որը խորհրդանշելու է մեծ հայի, մեծ արուեստագէտի, Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի, ֆրանսերէն լեզուի մեծ դեսպանի», այս առիթով ըսած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանը: Անոր համաձայն, «աստղը խորհրդանշելու է բոլոր այն փոքր աստղերը, որոնք մեր սրտերում են: Մենք բոլորս ցանկանում ենք, որ քո աստղը, որն ուղեկցելու է մեզ, նաեւ քո աստղը, որը երկրնքում է, յարատեւ ու յաւերժ լոյս բերի», յայտնած է նախարարը:

«Ոսկէ ծիրան»-ի այս տարուան պատուոյ հիւրերէն է Ազնաւուր, որ Երեւան հասած է 4 յուլիսին, իսկ 6 յուլիսին այցելութիւն տուած է Ս. Էջմիածին:

Վարդավառի Տօնի Իւրայատուկ Նշում
Երեւանի Մէջ

 

 

 

 

 

 

 

Հայ առաքելական Ս. եկեղեցին 7 յուլիսին նշեց Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնը կամ` Վարդավառը, որուն կ՛առնչուի իրարու վրայ ջուր սրսկելու աւանդութիւնը: Կիրակի, 7 յուլիսը բովանդակալից եւ յիշարժան դարձնելու նպատակով, մայրաքաղաքի բոլոր վարչական շրջաններուն մէջ տեղի ունեցան տօնական տարաբնոյթ նախաձեռնութիւններ: Կանուխ առաւօտէն տօնականօրէն զարդարուած ջրցան մեքենաները արդէն լուացած էին երեւանեան գլխաւոր ու երկրորդական փողոցները:

Մայրաքաղաքի փոքր կեդրոնին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ ջրցան մեքենաներու շքերթ, որմէ ետք անոնք օրուան «վայելք»-ին անհամբեր սպասող երեխաներուն եւ, ինչո՛ւ չէ, նաեւ մեծերուն ջուրով ապահովելու համար ուղղուած են դէպի մայրաքաղաքի տարբեր վարչական շրջաններու հրապարակներ, այգիներ ու մարդաշատ այլ վայրեր, նաեւ բակային տարածքներ:

Վարդավառը նաեւ յատուկ կերպով նշուած է Կարապի լիճին մէջ, Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ուր տղաք ու աղջիկներ ջուր սրսկած են անցորդներուն վրայ` շնորհաւորելով անոնց Վարդավառը:

Գիւմրին Պաշտօնապէս Ստանձնած Է
Անկախ Պետութիւններու Հասարակապետութեան
Մշակութային Մայրաքաղաքի Կոչումը

30 յունիսին Գիւմրին պաշտօնապէս ստանձնած է Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաքի կոչումը:

Այս առիթով Գիւմրիի «Վարդանանց» հրապարակին վրայ տեղի ունեցած է տօնական համերգ, որուն ընթացքին Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեանին յանձնուած է «Գիւմրին 2013 թուականի Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք»-ի հաւաստագիրը:

Այս ծրագիրով պիտի կազմակերպուին 45 մշակութային նախաձեռնութիւններ: Ծրագիրի պաշտօնական փակումը նախատեսուած է 2 նոյեմբերին:

Հանդիսաւոր բացման արարողութեան կը մասնակցէին` վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանը, Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան գործադիր կոմիտէի նախագահ, գործադիր քարտուղար Տոկտասսին Պուզոպայեւը,  Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մարդասիրական համագործակցութեան միջպետական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Սմբատեանը, օտար պատուիրակութիւններ, տարբեր երկիրներու դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներ ու բազմաթիւ գիւմրեցիներ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ Սմբատեան յայտնած է. «Գիւմրին միշտ ալ մշակութային քաղաք եղած է, չէ՞ որ յայտնի մշակութային գործիչներէն շատերը ծնունդով Գիւմրիէն են: Այս նաեւ հիանալի առիթ է գիւմրեցիներուն համար` տեսնելու, թէ դուրսի մշակութային կեանքին մէջ ինչ կը կատարուի, որովհետեւ ծրագիրի շրջանակներուն մէջ Գիւմրի պիտի գան շարք մը յայտնի մշակութային գործիչներ»:

Հայաստանի մէջ Պիելոռուսիոյ դեսպան, Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան կառոյցներուն մէջ Հայաստանի մնայուն լիազօր ներկայացուցիչ Արմէն Խաչատրեան իր կարգին դիտել տուած է, որ Գիւմրին ընտրելը պատահականութեան արդիւնք չէ, որովհետեւ Գիւմրին աշխարհին հայ ժողովուրդը կը ներկայացնէ իր պատմութեամբ եւ մշակոյթով:  Ըստ անոր, գաղտնիք չէ, որ հայերս մեր պատմութեան ամէնէն դաժան ու դժուար օրերուն իսկ ստեղծագործած ենք:

Գիւմրին Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան մշակութային մայրաքաղաք յայտարարուած է 5 դեկտեմբեր 2012-ին Աշխապատի մէջ տեղի ունեցած Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին:

Այս ծրագրի իրականացման անհրաժեշտ նիւթականը կը հոգան` Անկախ պետութիւններու հասարակապետութեան միջպետական մարդասիրական հիմնադրամը, Հայաստանի կառավարութիւնը, մշակոյթի նախարարութիւնը եւ Գիւմրիի քաղաքապետարանը:

Արցախի Մէջ Երաժշտութեան Տօն

Յուլիս 1-8 Արցախի մէջ տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան կողմէ կազմակերպուող դասական երաժշտութեան պատանի կատարողներու «ՏՆՋՐԷ» երրորդ միջազգային փառատօնը:

Փառատօնին նպատակն էր` Արցախի երիտասարդ երաժիշտները հաղորդակից դարձնել համաշխարհային կատարողական արուեստի լաւագոյն աւանդութիւններուն, միջազգային երաժշտական կեանքին մէջ արցախցի երաժիշտներու լիարժէք մասնակցութեան համար բարենպաստ միջավայր ստեղծել, նպաստել Արցախի մէջ դասական երաժշտական մշակոյթի զարգացման, տարբեր երկիրներու երաժիշտներու հետ մշակութային կապերու ստեղծման:

Փառատօնի խորհրդանիշը եւ անունը` «ՏՆՋՐԷ» (արցախեան 2000-ամեայ սօսի ծառի անունն է` ղարաբաղեան բարբառով), ընտրուած է Արցախի բնական այս եզակի յուշարձանի պահպանման եւ պաշտպանութեան հարցը լուսարձակի տակ բերելու նպատակով:

Փառատօնին մասնակից երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ տարի կ’ընդարձակուի: «ՏՆՋՐԷ-2013»-ին կը մասնակցին ներկայացուցիչներ աշխարհի 13 երկիրներէ: Փառատօնին մասնակիցները հանդէս եկան մեներգներով, համատեղ նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցան Միջազգային փառատօնային նուագախումբին հետ: Փառատօնային 12 համերգներ տեղի ունեցան Ստեփանակերտի, Շուշիի, Հադրութի շրջանի Տող, Ասկերանի շրջանի Աստղաշէն գիւղերուն, Մարտունիի եւ Քարվաճառի մէջ:

Փառատօնի ծիրին մէջ 4 երկիրներէ հրաւիրուած դասատուները տուին ջութակի, դաշնակի, դաշնակային նուագակցութեան եւ ջութակի վարպետութեան դասեր:

Փառատօնին առաջին օրը կազմակերպուեցան ուղեւորութիւն դէպի Տնջրէ: Խորհրդանիշ-ծառին մօտ փոքրիկ երգահանդէսով սկսաւ «ՏՆՋՐԷ» երրորդ միջազգային փառատօնը:

Թաւջութակահարներու Միջազգային Փառատօն
Երեւանի Մէջ

Յունիս 26-ին երեկոյեան Կոմիտասի անուան երաժշտութեան տան մէջ պիտի սկսի Թալալեան եղբայրներու անուան միջազգային փառատօնը:

Փառատօնին մասնակիցները արդէն Երեւան հասած են. անոնց կարգին է պոսթոնաբնակ մեր հայրենակիցը` երգահան Հայկ Պոյաճեանը, որուն ծննդեան 75-ամեակը պիտի նշուի առանձին հեղինակային համերգով:

Հանրայայտ թաւջութակահարներ Թալալեան եղբայրներուն անունը կրող այս փառատօնին 4 տարի առաջ նախաձեռնած է անոնց արժանի ժառանգորդը` անուանի թաւջութակահար Արամ Թալալեանը` նպատակ ունենալով Հայաստանի մէջ խթանել սէրը եւ հետաքրքրութիւնը թաւջութակի նկատմամբ: Յաջորդող տարիներուն փառատօնը ընդարձակեց իր գործունէութեան շրջագիծը` վերածուելով նախ ալթի եւ թաւջութակի փառատօնի, ապա համերգին ներառելով նաեւ գործիքային եւ նուագախմբային կատարումներ:

Այս տարի Արամ Թալալեանը եւ դաշնակահարուհի Ջուլիետա Վարդանեանը համահեղինակած են բազմաթիւ մեծ եւ կարեւոր ծրագիր` ստեղծելով հայ սենեկային երաժշտութեան հաւաքածոյ` վերջին 100 տարուան ստեղծագործութիւնները նկատի ունենալով: Հաւաքածոն կը ներկայացնէ 60 հայ երաժշտահաններու թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար գրուած ստեղծագործութիւնները, որոնք հրապարակուած են 12 ձայնասկաւառակներով` ժամանակակից թեքնիք վերջին պահանջներուն համապատասխան: Հաւաքածոյին մէջ կայ նաեւ 60 հայ երաժշտահաններու կենսագրութիւնները ներկայացնող գրքոյկ:

Հաւաքածոյին շնորհահանդէսը տեղի պիտի ունենայ 26 յունիսին սկսող եւ Արամ Խաչատրեանի ծննդեան 110-ամեակին նուիրուած փառատօնի առաջին համերգին ընթացքին:

Փառատօնի առաջին համերգին մենակատարները փառատօնին կազմակերպիչներն են. արդարեւ, «Արս Լունկա» զուգանուագը պիտի ներկայացնեն թաւջութակահար Արամ Թալալեան եւ դաշնակահար Ջուլիետա Վարդանեան:

Փառատօնին բոլոր համերգները անվճար են, բացի Տիգրան Մանսուրեանի հեղինակային երեկոյէն, որ տեղի պիտի ունենայ Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնին մէջ:

Փառատօնին յատուկ հրաւիրեալներու կարգին են Միացեալ Նահանգներէն հրաւիրուած  նշանաւոր երաժիշտներ Վատիմ Լանտոն եւ անոր որդին` 10-ամեայ դաշնակահար Մաքսիմ Լանտոն:

Յունիս 25-ին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայկ Պոյաճեանը յայտնած է, որ մեծ սիրով եկած է մասնակցելու այս փառատօնին, որ` «մեր օրերուն համար եզակի փառատօն մըն է»:

Արամ Թալալեանը շեշտած է, որ իսկապէս լուրջ յառաջդիմութիւն կայ թաւջութակի նկատմամբ վերաբերմունքի մէջ. «Երբ 4 տարի առաջ նախաձեռնեցինք թաւջութակի համահանրապետական փառատօնին, մարզեր կային, որտեղ թաւջութակի դասարան գոյութիւն չունէր երաժշտական դպրոցներում, իսկ հիմա հէնց այս տարի Արամ Խաչատրեանի անուան միջազգային մրցոյթին միայն թաւջութակահարներ էին մասնակցում աշխարհի տարբեր երկրներից եւ Հայաստանի ներկայացուցիչները պատուով էին հանդէս գալիս այդ մրցոյթում»:

«Թումօ»-ի Մէջ 3 Պատանի
Լուսանկարիչներու Ցուցահանդէսը

Յունիս 29-ին, «Թումօ» կեդրոնին մէջ բացումը կատարուեցաւ լուսանկարչական ցուցահանդէս մը, որուն հեղինակները` 12-էն 18 տարեկան 43 պատանիներ, աշխատելով միջազգային մրցանակներու արժանացած հայազգի լուսանկարիչներ Սկաուտ Թուֆանկջեանի եւ Էրիկ Գրիգորեանի հետ, ստեղծած են իրենց լուսանկարներու պատմութիւններու շարքը:

«Թումօ»-ի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, չորս շաբաթներու ընթացքին պատանի մասնակիցները ստեղծած են իրենց լուսանկարներուն պատումները տարաբնոյթ թեմաներով` մարդոց տարակուսած դէմքերէն մինչեւ իրենց իսկ ստեղծած երեւակայական աշխարհը:

Անդրադարձ կատարելով լուսանկարչական սկզբունքներուն` յայտնի լուսանկարիչները պատանիներուն ծանօթացուցած են լուսանկարներով պատմութիւնը պատմելու արուեստին եւ հմտութեան` խրախուսելով զանոնք աշխարհը տեսնելու տեսախցիկի միջոցով:

«Լուսանկարչութիւնը իրերը տեսնելու կարողութիւնդ է, ինչպէս նաեւ կարելիութիւն կ’ընձեռէ  իրերը տեսնելու նորովի», յայտնած է Սկաուտ Թուֆանկջեանը` խօսելով մէկ ամսուան ընթացքին պատանիներուն հետ իր համագործակցութեան մասին:

Էրիկ Գրիգորեան եւս կիսած է ոգեւորութեամբ հայ պատանիներուն հետ աշխատելու հաճոյքը. «Օրը օրին կը բացայայտէին, որ իրենք կը ձգտին իմանալու աւելի եւ մեծ բաւականութիւն կը ստանան իրենց կատարած աշխատանքէն»:

Հայաստանի Մէջ Տոլմայի Աւանդական Փառատօնը
Պիտի Կայանայ 10 Յուլիսին

Տոլմայի աւանդական փառատօնը այս տարի տեղի պիտի ունենայ 10 յուլիսին, Հայաստանի Արմաւիրի մարզի «Սարդարապատ» յուշահամալիրին մէջ: Այս մասին «Նովոսթի Արմէնիա» գործակալութեան յայտնած է «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման եւ պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Սեդրակ Մամուլեանը:

«Այս տարի փառատօնին, որ պիտի իրականացուի «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժապատկերի փառատօնի շրջանակներուն մէջ, կը մասնակցին Հայաստանի տարբեր քաղաքներու աւելի քան 22 ճաշարաններ, որոնց կարգին` Ալավերդիէն, Սեւանէն եւ Էջմիածինէն: Կարելի է` եզիտիներու համայնքը նոյնպէս պիտի ներկայացնէ իր խոհանոցը», յայտնած է ան:

Մամուլեան նշած է, որ փառատօնին դատական կազմը պիտի ընտրէ երեք յաղթողներ` տարբեր բաժանմունքներէ` «Լաւագոյն արտաքին տեսք», «Լաւագոյն համ» եւ «Լաւագոյն գաղափար»:

«Բացի այդ, մեր կազմակերպութիւնը յատուկ մրցանակներ նախատեսած է լաւագոյն սկսնակ խոհարարի եւ տաղաւարի լաւագոյն ձեւաւորման համար», աւելցուցած է ան:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, փառատօնին զուգահեռ տեղի պիտի ունենան երգ ու պարի ելոյթներ: Ըստ Մամուլեանի, փառատօնի այցելուներուն համար մատչելի գիներ սահմանուած են` տոլմա համտեսելու:

 

Share this Article
CATEGORIES