Սիւզի Քենթիքեան Վերատիրացաւ WBA-ի Ախոյեանութեան Գօտիին
Նախորդ շաբաթավերջին Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա) տեղի ունեցաւ WBA-ի աշխարհի կռփամարտի ախոյեանութեան թեթեւ կշիռի տիտղոսին համար մենամարտը` գերմանահայ Սիւզի Քենթիքեանի եւ ամերիկացի Քարինա Մորենոյի միջեւ (տիտղոսակիրը):
Հայկական լրատու աղբիւրներէն տեղեկացանք, որ աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Քենթիքեան իր մարզական վրէժը լուծեց իր մրցակիցէն` իրաւարարներուն միաձայն որոշումով յաղթելով 96-94, 97-93 եւ 97-93 արդիւնքով:
Նշենք, որ Քենթիքեան նախորդ տարի պարտուելով այլ ամերիկացիէ մը` Մելիսա Մաքմորուէն, զրկուած էր բոլոր իր երեք գօտիներէն:
Կարճ ատեն մը ետք, Քենթիքեան փորձած էր վերադարձնել WBA-ի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը, սակայն պարտուած Մորենոյէն:
CATEGORIES Մարզական

