«Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆթ». Ժատ Հիմօ Հանդիսացաւ Առաջին

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին Ժունիէի Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ «Ռետ Պուլ Քար Փարք Տրիֆ»-ը` մասնակցութեամբ 20 ինքնաշարժներու:

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ զտումի մրցումներուն մասնակցեցան 50 ինքնաշարժներ, որոնցմէ 20-ը հասան աւարտական հանգրուան:

Ներկայութեամբ մեծաթիւ հանդիսատեսներու, որոնք մօտէն հետաքրքրուած են այս մարզով, վարորդները կատարեցին ցուցադրական սքանչելի ներկայացումներ:

Աւարտին լաւագոյն արդիւնքը ձեռք ձգեց եւ առաջին դիրքը գրաւեց Ժատ Հիմօ, իսկ անոր ետին 2-րդ դիրքը գրաւեց Պասսամ Զահլան:

Այսպիսով, անոնք երկուքը իրաւունք ստացան մասնակցելու Միջին Արեւելքի աւարտականներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ)` յառաջիկայ նոյեմբերին:

Այս աւարտականներուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն վարորդներ հետեւեալ երկիրներէն. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Լիբանան, Յորդանան, Պահրէյն, Սէուտական Արաբիա, Քուէյթ, Օման եւ Եգիպտոս:

Նախորդ տարի տիտղոսակիր հանդիսացած էր Մոհամետ Քախըն (Յորդանան), իսկ անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւած էին Ռամի Սարի (Եգիպտոս) եւ Ժատ Հիմօ (Լիբանան):

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )