Սուրիահայ Ընտանիքներու Նպաստներու Բաշխման Յուլիս Ամսուան Երկրորդ Հանգրուանը
Երէկ տեղի ունեցան սուրիահայութեան նպաստաբաշխումի յուլիս ամսուան երկրորդ հանգրուանի աշխատանքները` կազմակերպութեամբ Սուրիահայութեան օժանդակութեան լիբանանահայ միջբարեսիրական մարմինին: Մէկ շաբաթ առաջ կատարուած նպաստաբաշխումէն օգտուած էին Լիբանան ապաստան գտած 100 ընտանիքներ: Երէկ նպաստներ ստացան 300 այլ ընտանիքներ:
Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անձամբ այցելեց նպաստաբաշխումի կեդրոն եւ հետեւեցաւ աշխատանքներուն:
CATEGORIES Գաղութային



