Աթլեթիզմ. Լոռի Թաշճեան Հանդիսացաւ Երկրորդ
Կազմակերպութեամբ լիբանանեան բանակին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, Ռաֆիք Հարիրիի անուան համալսարանին մէջ (Հատաս) տեղի ունեցան աթլեթիզմի մրցումներ, որոնք կը կատարուին տարեկան դրութեամբ:
Շանվիլ ակումբին մաս կազմող Լոռի Թաշճեան աղջկանց 400 մեթր վազքի մրցումներուն հանդիսացաւ երկրորդ` արձանագրելով` 1′ 00″ 59 արդիւնք մը: Առաջին դիրքը գրաւեց Սարիա Թրապըլսի (Ինթըր Լեպանոն), որ արձանագրեց 58″ 40 արդիւնք մը:
Աղջկանց 100 մեթր արգելարշաւի մրցումներուն, Չեմփիընզ խումբին մաս կազմող Ալին Աբրահամեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 14″ 40 արդիւնք մը: Քրիսթել Սանեհ (Շանվիլ) հանդիսացաւ երկրորդ (16″ 08):
Սակայն Քրիսթել Սանեհ աղջկանց մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն լիբանանեան նոր մրցանիշ մը հաստատեց` արձանագրելով 5,65 մեթր արդիւնք մը: 2-րդ դիրքը գրաւեց Սապին Խուրի (4,98 մեթր), որ մաս կը կազմէ Ինթըր Լեպանոնի:

