Զօր. Աուն. «Հարաւային Արուարձաններու Պայթումը Գրգռութիւններ Հրահրելու Հետեւանք Է. Ուրեմն Գրգռութիւններ Հրահրողները Թող Պապանձի՛ն»
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, երէկ նախագահելէ ետք Ռապիէի մէջ գումարուած համախմբումի ընթացիկ նիստին, շեշտեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ պատահած պայթումը ոչ միայն դատապարտելի է, այլեւ` այդ պայթումին առումով ինք կ՛ամբաստանէ սուր յայտարարութիւններ կատարող կողմերը: «Մարդ արարածը բնակելի թաղամասերու մէջ ական չի պայթեցներ, բացի եթէ ան մեծ ոճրագործ է», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան նշեց, որ ուրիշը անհաւատ նկատող մտայնութիւնը ունեցող կողմեր, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք քաղաքական իրենց սուր ճառախօսութիւններով համայնքային գրգռութիւններ կը հրահրեն, մեծագոյն ոճրագործներն են, ինչ հանգամանք որ ալ ունենան, ըլլան անոնք նախարարներ, երեսփոխաններ թէ կրօնաւորներ:
Ան շեշտեց, որ զոհեր չեն արձանագրուած, մեծ մասը թեթեւօրէն վիրաւորուած է, սակայն անհրաժեշտ է աւելի զգուշ ըլլալ:
Զօր. Աուն խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ մնայուն կերպով հնչող գրգռութիւնները եւ զայն դաւաճան նկատող յայտարարութիւնները: «Ապրայի մէջ արձանագրուածը մերժելի է: Արդեօք Ահմետ Ասի՞րն է, որ Լիբանանի պահանջները կը ներկայացնէ. Ասիրի բառամթերքը չէ, որ կ՛որդեգրուի ոմանց կողմէ: Ո՛վ որ գրգռութիւններ կը հրահրէ, թող պապանձի՛», շեշտեց զօր. Աուն:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք կը մերժէ նաեւ բանակի հրամանատարութեան հրահանգը, որուն համաձայն, զինուորները Զինուորական ատեան ներկայացուած են քաղաքացի մը ապտակելնուն համար: «Ով որ բանակին մասին կ՛ուզէ խօսիլ, թող պապանձի՛. բանակին կողմէ ապտակ մը աւելի ընդունելի է, քան երբ Ասիր իր գնդացիրին կոթով կը հարուածէ քաղաքացի մը: Գիտէ՞ք, որ Ապրայի մէջ լիբանանեան բանակին միջամտութիւնը երկիրը քաղաքացիական պատերազմէ փրկած է: Բանակին դէմ գրգռութիւնները մերժելի են», ըսաւ զօր. Աուն` հարց տալով, որ արդեօք Ասիր այսօր սո՞ւրբ դարձած է:



