Նախագահ Սլէյման Քննարկեց Տարբեր Նախարարութեանց Վերաբերող Հարցեր
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց զբօսաշրջութեան եւ առեւտուրի ու տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատարներ Ֆատի Ապպուտն ու Նիքոլա Նահհասը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ նախարարութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ ներքին ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնը փոխարինող գնդապետ-զօրավար Իպրահիմ Պասպուս, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան


