Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Մէջ Հայաստանի Նախագահութեան Առաջին Նախաձեռնութիւնը` Պոլսոյ Մէջ
9 յուլիսին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան անդրանիկ ձեռնարկը` Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան Աւագ պաշտօնեաներու կոմիտէի, յարակից կազմակերպութիւններու եւ կազմակերպութեան միջազգային քարտուղարութեան միացեալ նիստը:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տնտեսական համագործակցութեան վարչութեան պետ Էդուարդ Փանոյեան նիստի մասնակիցներուն ներկայացուց Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւնները եւ հայեցակարգային խնդիրները` ընդգծելով, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ շրջանային տնտեսական համագործակցութեան խթանումը, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան տնտեսական նոր օրակարգի պատշաճ իրականացումը, կազմակերպութեան արդիւնաւէտութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզներուն մէջ կազմակերպութեան դերին եւ հեղինակութեան բարձրացումը:
Էդուարդ Փանոյեան աւելցուց, որ Հայաստանի նախագահութեան առաջնահերթութիւններուն շարքին է նաեւ կազմակերպութեան յարակից մարմիններուն, դէտերուն, բնագաւառային երկխօսութեան գործընկերներուն եւ գործարար շրջանակներուն հետ համագործակցութեան հետագայ զարգացումը:
Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան վեց ամսուան օրացոյցը, որ կ՛ընդգրկէ կազմակերպութեան անդամ-երկիրներուն մէջ նախատեսուող 60-է աւելի բազմաբնոյթ ձեռնարկներ:


