Ֆիւլէ Պիտի Այցելէ Հայաստան

Շթեֆան Ֆիւլէ

9-11 յուլիսին Հայաստան կ՛այցելէ Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ:

Այցելութեան ընթացքին Ֆիւլէ պիտի ընդունուի Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի կողմէ:

Եւրոպական Միութեան յանձնակատար Ֆիւլէ հանդիպումներ պիտի ունենայ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեանի, կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանի, ելեւմուտքի նախարար Դաւիթ Սարգսեանի եւ տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանէսեանի հետ:

 

Share this Article
CATEGORIES