Նախագահ Սարգսեան Պիտի Մեկնի Մոլտաւիա
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վաղը աշխատանքային այցելութեամբ պիտի մեկնի Մոլտաւիա` մասնակցելու Քիշնեւի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան առաջնորդներու երրորդ վեհաժողովին:
Նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ այցելութեան ծիրին մէջ կը նախատեսուին Քիշնեւի մէջ Հայաստանի նախագահին երկկողմանի ձեւաչափով հանդիպումները:
CATEGORIES Հայկական

