«Արի Տուն 2013» Ծրագիրի Երրորդ Փուլի Բացում` 170 Պատանիներու Մասնակցութիւն Եւ Մկրտութիւններ Խոր Վիրապի Մէջ

9 յուլիսին Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անուան պետական թատրոնի դահլիճին մէջ կայացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան` սփիւռքի երիտասարդներու` Հայաստան ճանաչողական այցելութիւններու «Արի տուն» ծրագիրի երրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ծրագիրի երրորդ փուլին կը մասնակցին շուրջ 170 պատանիներ եւ աղջիկներ Ռուսիայէն, Ռումանիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Ուքրանիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Վրաստանէն, Իսրայէլէն եւ Պիելոռուսիայէն:

Մասնակիցներուն ողջոյնի խօսքով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան եւ շնորհակալական խօսքեր ուղղեց մասնակիցներու ծնողներուն, որոնք լսած են Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կանչը եւ իրենց զաւակները ուղարկած են Հայաստան: «Մենք անսահման շնորհակալ ենք նաեւ մեր հիւրընկալ ընտանիքներուն, որոնք 10 օր շարունակ կը պահեն եւ հոգ կը տանին օտար ափերէն հայրենիք ժամանած պատանիներուն եւ աղջիկներուն», ընդգծեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը` աւելցնելով. «Շնորհակալ ենք յատկապէս Արարատի, Արմաւիրի, Կոտայքի մարզպետարաններուն եւ Երեւանի վարչական շրջաններուն, որոնք սիրով իրենց դռները կը բանան մեր մասնակիցներուն առջեւ»:

Լուսանկարները` ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆի

Յակոբեան նշեց նաեւ, որ մասնակիցներուն համար կազմակերպուած են մայրենիի դասընթացներ. «Յաջորդ ուրբաթ մենք պիտի հանդիպինք եւ պիտի տեսնենք, թէ ձեզմէ ով` որքան հայերէն սորված է»:

Այնուհետեւ մասնակիցները ողջունեց Պարոնեանի անուան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Երուանդ Ղազանչեան:

Ելոյթներով հանդէս եկան Վրաստանի, Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի, Գերմանիոյ ներկայացուցիչները, իսկ մասնակիցներէն ոմանց` հայրենիքի մէջ կնքուելու ցանկութիւնը անմիջապէս գտաւ իր դրական արձագանգը: Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարը առաջարկեց Խոր Վիրապի մէջ կնքել բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան մկրտուիլ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )