«Սարատար» Հաստատութեան Մէջ. Վաղը Տեղի Կ՛ունենայ Կլորիա Նասըրի Մամլոյ Ասուլիսը
Լիբանանցի միջազգային աթլեթ Կլորիա Նասըր, որ միջազգային բազմաթիւ վազքի մրցումներու մասնակցած է, վաղը` հինգշաբթի, 11 յուլիսին պիտի տայ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը «Սարատար» հաստատութեան մէջ` Էշրեֆիէ (Շարլ Մալեք փողոց, Թապարիս-812 շէնք, գետնայարկ):
Մամլոյ ասուլիսը յատկացուած է անոր ձեռք ձգած յաջողութեան` նկատի ունենալով, որ ան վազած էր Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզէն մինչեւ Լիբանանի մայրաքաղաքը` Պէյրութ:
Ատկէ բացի, ան պիտի յայտարարէ իր սկսելիք վազքի մրցումներուն մասին` լիբանանեան բոլոր շրջաններուն մէջ:
CATEGORIES Մարզական

