Մխիթարեանի Փոխանցումը Մրցանիշ` Տորթմունտի Համար, Իսկ 4-րդը` «Պունտըսլիկա»-ի Պատմութեան Մէջ
Անդրադառնալով Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի Շախտիոր Տոնեցքէն Պորուսիա Տորթմունտ փոխանցումին` հայկական ArmFootball.com կայքէջը իր ընթերցողները կը լուսաբանէ յաւելեալ մանրամասնութիւններով:
Նախ եւ առաջ անիկա կը յայտնէ, որ անոր փոխանցումը Տորթմունտի պատմութեան մէջ հանդիսացաւ ամէնէն սուղը (27,5 միլիոն եւրօ)` մարզիկի մը վճարուած գումարին գծով:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր պրազիլցի Մարսիօ Ամորուզոյին, որուն համար Տորթմունտ վճարած էր 21,5 միլիոն եւրօ (2001-ին):
Գերմանական կազմին միանալով` Մխիթարեան դարձաւ նաեւ ամէնէն սուղ հայ ֆութպոլիստը: Նախորդ ձմրան ամէնէն սուղ հայ մարզիկը Եուրա Մովսիսեանն էր, որուն փոխանցման համար Սպարտակ Մոսկուա վճարած էր 7,5 միլիոն եւրօ:
Իսկ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան մէջ Մխիթարեանի փոխանցման արժէքը կը դասուի չորրորդը:
2003-ին Շթութկարթ Մարիօ Կոմեզի համար վճարած էր 30 միլիոն եւրօ, 2013-ին Մարիօ Կոյեցըի փոխանցումը արժած էր 37 միլիոն եւրօ, իսկ 2012-ին Պայէրն Միւնիխ Խաւի Մարթինեսի համար վճարած էր 40 միլիոն եւրօ:
Իսկ ինչ կը վերաբերի նախկին Խորհրդային Միութեան մարզիկներուն փոխանցումներուն, Մխիթարեան կը հանդիսանայ երկրորդ` Անտրիյ Շեվչենքոյէն ետք, որուն համար Չելսի Ա. Սէ. Միլանին վճարեց 30 միլիոն եւրօ:
Իր կարգին, Totalfootball.com հայկական կայքէջը, անդրադառնալով Մխիթարեանի այս փոխանցումին եւ իր լուրը քաղելով «Տեր Ուեսթըրն» գերմանական պարբերաթերթէն, կը յայտնէ, որ ան իր նոր կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ կրելով թիւ 10 շապիկը:
Նշենք, որ Մխիթարեան, մինչեւ 30 յունիս 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Տորթմունտի հետ:

