Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ձեր յարաբերութիւնը պիտի զարգանայ եւ կապուի այն անձին հետ, որուն հետ խզուած էիք: Ձեր կեանքը պիտի վկայէ լուրջ միացում:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Արտայայտեցէք ձեր զգացումները` առանց վախնալու եւ կասկածի: Պիտի հասկցուիք լաւ կերպով եւ պիտի գոհանաք այս վերաբերումով:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ օր մըն է այս գործ մը գտնելու համար: Անգործ ըլլաք թէ գործօն, օրը հետաքրքրական պիտի ըլլայ` նորութիւններ ստեղծելու, ուրախանալով:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նախաձեռնութիւններ կատարեցէք: Ոչ ոք պիտի հակառակի ձեր որոշումներուն: Օրը շատ նպաստաւոր է այս իմաստով, գործի անցէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր մարմինը նրբացած է, ձեր դէմքին գոյնը հիանալի եղած է, ձեր խնամքը արդիւնք տուած է, հետեւաբար երջանիկ զգացէք դուք ձեզ:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի մօտիկ անձ մը պիտի դիմէ ձեր օգնութեան: Ականջ տուէք անոր խնդրանքին, ան կը վստահի ձեր բարեսիրտ տրամադրութեան: Օրը ունի լաւ ժամեր:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր կարծիքը տուէք անձի մը, որպէսզի օգտուի ձեր փորձառութենէն: Նման օգնութիւն մի՛ զլանաք ոեւէ մէկուն: Մնացէք ծառայասէր:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ նոր յառաջդիմութիւն մը պիտի ունենաք, բան մը, որ չէիք ակնկալեր: Ձեր բախտը դրական կերպով պիտի ընկերանայ ձեզի:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պիտի օգնէք անձի մը, որ մնացած է առանձին եւ անօգնական: Ան ձեզի ծանօթ անձ մըն է, հետեւաբար մի՛ մերժէք ձեր նպաստը եւ սէրը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պահեցէք ձեր անկախութիւնը, ոչ ոքի ենթակայ եղէք, որովհետեւ կրնաք պահել ձեր գիտակցութիւնը եւ ձեր վարկը: Եղէք ինքնավստահ:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մտիկ ըրէք ձեր կողակիցին կամ ձեր ընկերոջ խնդրանքը: Միասնաբար գործեցէք, առանձնաբար որոշում մի՛ տաք: Օրը ունի յաջողելու առիթներ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Կարգ ու կանոն դրէք ձեր աշխատանքին, ձեր ծրագրին իրագործման միջոցին: Մի՛ աճապարէք համաձայնութիւն մը կնքելու: Լա՛ւ մտածեցէք:

Share this Article
CATEGORIES