50 Տարի Առաջ (12 Յուլիս 1963)
Շարլ Ազնաւուրին Հետ
Քանէն ութ քիլոմեթր հեռու, ծովեզերքէն ներս գտնուող Մուժեն գիւղաքաղաքին մէջ կը գտնուի Շարլ Ազնաւուրին ընդարձակ կալուածը` 120 հեկտար տարածութեամբ:
Կանաչազարդ դաշտերու եւ պտղատու ծառերու խիտ շարքերուն ընդմէջէն կանգնած են սիրուն տաղաւարները, որոնցմէ մէկ քանիին մէջ կը բնակին Ազնաւորեան ընտանիքին անդամները, իսկ ուրիշներ յատկացուած են մեր համբաւաւոր հայրենակցի յաճախակի հիւրերուն:
Օգտուելով ամառնային արձակուրդէս եւ գտնուելով Քոթ տ՛Ազիւրի գեղածիծաղ ափերուն վրայ` առաջին մտածումս կ՛ըլլայ երթալ Մուժեն եւ տեսակցութիւն մը ունենալ Շարլի հետ:
Զիս հիւրասիրող վիլֆրանշաբնակ բարեկամներուս` տէր եւ տիկին Սուրէն Գարախանեաններուն կառքով կը մեկնինք:
Ու Մուժեն հասնելով` բախտը կ՛ունենամ զինք հոն գտնելու:
Կը նստինք իր անձնական հոյակերտ տաղաւարին հանդիպակաց աւազանին ափին ու կը սկսինք խօսիլ, երբ յանկարծ կալուածէն ներս կը խուժեն ինքնաշարժներ:
Շարլին աղջիկը, տասնեւվեցամեայ Սեդան վազելով կու գայ.
– Հայրի՛կ, «Ռատիօ Մոնթէ Քառլօ»-ն է:
– Կը տեսնե՞ս, կ՛ըսէ Շարլ` խօսքը ինծի ուղղելով,- իբր թէ հանգստանալու եկած եմ, սակայն օձիքս չեն ձգեր: Գալէդ առաջ արդէն բազմաթիւ մարդիկ եկած էին, իսկ հիմա` ահա ուրիշներ…
Ու ներողութիւն խնդրելով` կը թողու զիս, շուտով վերադառնալու խոստումով:
Երկու ժամ կը տեւէ անրէժիսթրըմանը, ու ահա վերստին կը նստինք նոյն տեղը, այս անգամ` մեր խօսակցութիւնը չընդհատելու հաստատ որոշումով:
* * *
– Վաղինա՛կ, (Շարլ Ազնաւուր շատ կը սիրէ, որ Վաղինակ կոչեն զինք), ի՞նչ ծրագիրներ ունիս յառաջիկայ շրջանին համար:
– Շատ են ծրագիրներս, եւ սակայն ատոնցմէ առաջին կարգին կու գայ Հայաստան այցելելու ծրագիրս: Բոլոր կարգադրութիւնները վերջացած են, Փարիզի խորհրդային դեսպան Վինոկրատովի հետ վերջնական համաձայնութեան եկած ենք: Մոսկուայի, Լենինկրատի, Քիեւի մէջ ութ երգահանդէսներ տալէ ետք, պիտի անցնիմ Երեւան` հոն ալ երգելու համար:
– Վերադառնալէդ ետք անշուշտ պիտի շարունակես շարժանկարային աշխատանքներդ նոր ժապաւէններով:
– Բազմաթիւ առաջարկներ կան, բայց տակաւին անոնցմէ ոչ մէկուն համար վերջնական խօսք մը չէ ըսուած.
– Որքա՞ն ստոյգ են, Վաղինա՛կ, Ռուբէն Մամուլեանի հետ զուտ հայկական ժապաւէնի մը պատրաստութեան մասին շրջան ընող լուրերը:
– Ճիշդ է որ Քանի մէջ Մամուլեանի հետ ունեցած խօսակցութեանց ընթացքին այդ խօսքը անցաւ, սակայն միայն խօսուեցաւ այդ մասին: Մամուլեան նպատակ ունի Սարոյեանի կողմէ պատրաստուած նոր գործ մը շարժանկարել, իմ ալ մասնակցութեամբս:
– Անշուշտ դուն համաձայնութիւնդ տուիր:
– Ո՛չ, ես համաձայն կ՛ըլլամ միայն այն պարագային, երբ Սարոյեան վերջացնէ իր գործը եւ ես տեսնեմ, ուսումնասիրեմ ամբողջական սենարիոն:
– Գործին հայկականութիւնը ընդգծած ըլլալու համար ուրիշ ո՞վ պիտի մասնակցի այդ ժապաւէնին:
– Աքիմ Թամիրոֆը…
– Ճանչցա՞ր զինք անձամբ:
– Դժբախտաբար Ամերիկա գտնուած միջոցիս չկրցայ զինք տեսնել: Սակայն մայրս, որ տեսաւ Աքիմ Թամիրոֆը, կը հաւաստէ, թէ պատուական հայ մըն է ան: Երեւակայէ, որ Աքիմ Թամիրօֆ կ՛ակնածի հայերէն խօսելու, վասնզի այդ լեզուին լաւ տեղեակ չըլլալուն համար կը վախնայ եղեր աղճատել անոր գեղեցկութիւնը: Այդ բծախնդրութիւնն իսկ բաւական է հաստատելու, թէ հայազգի արուեստագէտը իր ծագումին կը մօտենայ իբրեւ սրբութիւնը մը:
– Վաղինա՛կ, հարցումս թող տարօրինակ չթուի քեզի: Շարժանկարի ասպարէզը որեւէ ձեւով արգելք կ՛ըլլա՞յ քեզի նոր երգերու ստեղծագործութեան մարզին մէջ:
– Բնա՛ւ երբեք, շարժանկարը արգելք մը չէ ինծի, որ շարունակեմ բուն գործս` երգը: Փաստ, որ այս վերջին շրջանին գրեցի նոր երգեր, որոնք շուտով լոյս աշխարհ կու գան:
Կը պատրաստուիմ նոր հարցումներ ուղղել խօսակիցիս, երբ նոր հիւրեր կը հասնին: Շարլ Ազնաւուր վերստին կը ստիպուի հեռանալ, ու այս անգամ վերջնականապէս կ՛ընդհատուի մեր խօսակցութիւնը: Ժամ մը ետք կու գայ դարձեալ ներողութիւն խնդրելու, սակայն ժամանակը ուշ ըլլալով, հրաժեշտ առնելով իրմէ, կը մեկնիմ:
* * *
Բոլոր անոնք, որոնք այցելած են Մուժեն, գիտեն, որ Շարլ Ազնաւուրի յարկին տակ մթնոլորտը ամբողջովին հայկական է:
Մեծանուն արուեստագէտին հիւրերը, ի՛նչ ազգի ալ պատկանին անոնք, երբեք արգելք չեն ըլլար, որ հայերէնը հնչէ անոնց ներկայութեան:
Ոչ միայն Ազնաւուրեան ընտանիքին բոլոր անդամները, այլեւ նոյնինքն Շարլ Ազնաւուր կը խօսի շատ մաքուր եւ սահուն հայերէն մը:
Մուժենի խաղաղ ու անդորր մէկ անկիւնը գտնուող այս վայրը այցելող բոլոր հայերը անկասկած պիտի կրեն այն տպաւորութիւնը, թէ կը գտնուին Լոռիի բարձունքներուն հաստատուած ագարակի մը մէջ, ուր ամէն բան կը կրէ հայկական բարքերու, տոհմիկ աւանդութիւններու դրոշմը:
Ու այս պարագան ցայտուն ապացոյց մըն է, որ Շարլ Ազնաւուր, միջազգային համբաւի տիրացած այս հայ արուեստագէտը, Աքիմ Թամիրոֆի նման, ինքն ալ իր ծագումին կը մօտենայ իբրեւ սրբութիւն մը:
ԱՐՏԱՇԷՍ ԳՄԲԷԹԵԱՆ
«Յառաջ»

