Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ֆրանսա

Ֆրանս–Հայկական
Գերազանցութեան Շաբաթ

* Կազմակերպութեամբ  Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, «Թեր տ՛Արմէնի» կազմակերպութեան, 17 – 23 յունիսին Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ  «Ֆրանս-հայկական գերազանցութեան շաբաթ»:

Այս ծիրին մէջ Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ներկայ գտնուեցաւ  Ֆրանսական երիտասարդներու միութեան   երգի եւ պարի խումբերու համերգին, որուն աւարտին ան խօսք առնելով` ընդգծեց հայապահպանութեան գործին մէջ սփիւռքի մշակութային կեդրոններու գործունէութեան կարեւորութիւնը: Նախարարը մայրենի լեզուի պահպանման ու տարածման, սփիւռքահայ երիտասարդներու հայեցի կրթութեան ու դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած աւանդին համար` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալները շնորհեց Ֆրանսահայ երիտասարդներու միութեան  ուսուցիչներ Էմմա Մարտիրոսեանի, Միքայէլ Վեմեանի եւ  Մարիոն Շամասեանի:

 

 

 

 

 

 

 

 

* 20 յունիսին  Մարսէյի  քաղաքապետ Ժան Քլոտ Կոտենի Մարսէյի պատուաւոր քաղաքացիի կոչում շնորհեց Շարլ Ազնաւուրին, իսկ  նահանգապետ Միշէլ Վոզել ծերակոյտի մետալով եւ նահանգի յուշամետալով պարգեւատրեց զայն: Ժան Քլոտ Կոտեն նշեց, որ Մարսէյի պատուաւոր քաղաքացիի կոչումը վերջին անգամ շնորհուած էր 1947-ին:

* Յունիս 17-23-ին, Մարսէյի մէջ տեղի ունեցաւ Հանրի Վեռնոյի ցուցահանդէսի բացում: Այս ծիրին մէջ նախարարութեան նախաձեռնութեամբ բացումը կատարուեցաւ նաեւ լիբանանահայ  արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի եւ հայ նկարիչներու կողմէ տրամադրուած նկարներու ցուցահանդէս-վաճառքին, որմէ գոյացած գումարը պիտի յատկացուի սուրիահայերուն համար նոր թաղամասի կառուցման աշխատանքներուն:

Ռատիոթոն` Ի Նպաստ Սուրիահայութեան

Կազմակերպութեամբ Փարիզի «Ռատիօ ԱՅԲ»-ի, Վիէնի «Ռատիօ Արմէնի»-ի  եւ Վալանսի «Ռատիօ-Ա»-ի « 22 յունիսին տեղի ունեցաւ  «Ռատիոթոն»-ի նպաստ սուրիահայութեան:

«Ռատիոթոն»-ի հինգ ժամերու ընթացքին, ժամը անգամ մը ուղղակի կապ հաստատուեցաւ Հալէպի եւ Դամասկոսի հայ գաղութներուն հետ:

«Ռատիոթոն»-ին կարելի եղաւ  հանգանակել շուրջ 30 հազար եւրօ, որ պիտի փոխանցուի ուղղակի սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին:

 

Պուլկարիա

Պուլկարիոյ Կրօնական Համայնքներու
Ազգային Խորհուրդը Հիւրընկալուեցաւ
Հայաստանի Դեսպանատան Մէջ

Յունիս 12-ին Պուլկարիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արսէն Սհոյեան հիւրընկալեց Պուլկարիոյ կրօնական համայնքներու Ազգային խորհուրդը:

Ազգային խորհուրդին անդամները փոխանցեցին  իրենց տպաւորութիւնները Հայաստան կատարած այցելութեան մասին: Ազգային խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Գրիգորեան բոլորին անունով խորհին շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպանութեան` անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Քննարկուեցան նաեւ 5 փետրուարին Պուլկարիոյ գիտութիւններու ազգային ակադեմիային մէջ «Ազգային եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու միջեւ հանդուրժողականութեան մասին» հռչակագրի ստորագրման յաջորդող գործունէութիւնները: Շեշտելով կարեւորութիւնը` հանդուրժողականութեան մթնոլորտի առկայութեան ոչ միայն պուլկար հասարակութեան մէջ, այլ նաեւ ամբողջ մարդկութեան մէջ, հիւրերը մասնաւորապէս ներկայացուցին  սեպտեմբերին կայանալիք «Մարդասիրութիւն, գիտութիւն, կրօն» խորագրով գիտաժողովին վերաբերեալ գաղափարը:

 

Սթրազպուրկ

Մշակութային Ձեռնարկ

 

 

 

 

 

 

 

 

Յուլիս 2-ին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի նախագահութեան կողմէ կազմակերպուած հերթական մշակութային ձեռնարկը: ԵԽ-իի մէջ Հայաստանի, Սթրազպուրկի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, կազմակերպեց ճազ-համերգ` մասնակցութեամբ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի:

Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցաւ ԵԽ-ի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Պապիկեան:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀԲԸՄ-ի «Գրիգոր Սաթամեան» Թատերախումբը
Ներկայացուց «Չարլիին Մօրաքոյրը»
Կատակերգութիւնը

Յունիս 22-ին ՀԲԸՄ-ի «Արտաւազդ» թատերախումբը, «Գրիգոր Սաթամեան» իր նոր անուանումէն ետք, ՀԲԸՄ-ի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» կեդրոնի թատերասրահին մէջ առաջին անգամ հանրութեան ներկայացաւ անգլիացի դերասան եւ թատերագիր Պրենտըն Թոմսընի «Չարլիին մօրաքոյրը» երեք արարնոց կատակերգութեամբ, բեմադրութեամբ հանրայայտ դերասան եւ բեմադրիչ Գրիգոր Սաթամեանի:

Կատակերգութեան ամբողջ գործողութիւնը տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ Օքսֆորտ քաղաքին մէջ, 1890-ական թուականներուն, իսկ նիւթը թեթեւ է եւ խոր վերլուծութեան մը չի կարօտիր:

Կալայի ելոյթին «Գրիգոր Սաթամեան» թատերախումբին վարչութեան նոր ատենապետ տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան, որ միաժամանակ դեր վերցուցած էր թատերախաղին մէջ, իր արտասանած սրտի խօսքով կրկին անգամ շնորհաւորեց խումբն ու բեմադրիչը եւ անոր բոլոր օգնականները, ապա բարձր գնահատանքով անդրադարձաւ հայ բեմին ու թատրոնին հանդէպ անոնց ունեցած անսակարկ զոհողութեան ու սիրոյն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց ներկաներուն, թատերախումբի հին ու նոր հովանաւորներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք տարիներէ ի վեր քաջալեր կը հանդիսանան խումբի վերելքին:

Իր կարգին ելոյթ ունեցաւ նաեւ բեմադրիչ Սաթամեանը: Ան երախտագիտութեամբ մէկ առ մէկ ներկայացուց թատերախումբի անդամ-անդամուհիներն ու բեմի ետին գործող օգնականները:

Աւարտին, յանուն թատերախումբի վարչութեան, առ ի երախտագիտութիւն իր ցարդ կատարած աշխատանքին` յիշատակելի գնահատագիր մը յանձուեցաւ վարչութեան տարիներու նախկին ատենապետ Արա Պապայեանին:

«Ռիթա Տեմիրճեան»-ի Անուան Գրադարանը
Օժտուեցաւ Մանկապատանեկան Գիրքերով

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Համազգայինի Կլենտէյլի մասնաճիւղին աջակցութեամբ, «Սարդարապատ» գրախանութը  հարստացուց «Ռիթա Տեմիրճեան»-ի անուան գրադարանը մանկապատանեկան պատկերազարդ գիրքերով: Սոյն գրադարանը կը գտնուի «Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան» կեդրոնին երկրորդ յարկը:

Մասնաճիւղը կոչ կ՛ուղղէ գաղութին, թէ սիրայօժար կ՛ընդունի հայերէնով մանկապատանեկան գիրքեր:

Առաջնորդ Մ. Մարտիրոսեան Ընդունեց
Հայ Աւետարանական Համայնքի
Հոգեւոր Հովիւներուն Այցելութիւնը

Յունիս 25-ին, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգ. առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան հովիւ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանի, որուն կ՛ընկերանար Հայաստանի մէջ Հայ աւետարանական միութեան հոգեւորականներու պատուիրակութիւն մը, որ այս օրերուն Լոս Անճելըս կ՛այցելէր: Հանդիպումին ներկայ եղաւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան:

Հիւր հոգեւորականները ընդհանուր գիծերու մէջ բացատրութիւններ տուին Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ Հայ աւետարանական համայնքի հոգեւոր եւ ուսումնական-դաստիարակչական ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր ծառայութեան դիմաց կանգնող մարտահրաւէրներուն մասին:

Առաջնորդ սրբազանը գնահատեց Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ աստուածահաճոյ   առաքելութիւնը, ապա տեղեկութիւններ տուաւ Ազգային առաջնորդարանի յարկին ու հովանիին տակ տարուող աշխատանքներուն մասին, որոնք կը տարածուին եկեղեցական, կրթական եւ ազգային ոլորտներու վրայ: Արծարծուեցան նաեւ հայութիւնը յուզող անմիջական հարցեր, ինչպէս` սփիւռքի հայութեան կողմէ Հայաստանի տրամադրուած օժանդակութիւններն ու սուրիահայութեան ապրած տագնապը:

Հանդիպումի աւարտին առաջնորդ սրբազանը հիւր հոգեւորականներուն նուիրեց Ազգային առաջնորդարանի հրատարակութիւններէն` Կարօ Պետրոսեանի «Հայեցի կրթութիւն եւ Ճանապարհ» հատորէն օրինակ մը եւ աղօթագիրքեր:

Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց
Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Անդամ
Տոքթ. Տիգրան Մանկիկեանի Այցելութիւնը

Յուլիս 2-ին,  թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան վերընտրեալ անդամներէն տոքթ. Տրդատ Մանկիկեանի:

Հանդիպումի ընթացքին երկու կողմերը խորհրդակցեցան յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան ու Արեւմտեան թեմերը յուզող հարցերու շուրջ` մեկնելով շուրջ ամիս մը առաջ Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Ազգային ընդհանուր ժողովի տրամադրութիւններէն: Անոնք  քննարկեցին նաեւ ծառայական այն հեռանկարները, որոնք կը պարզուին հոգեւոր ու ազգային կեանքերու մէջ` առ ի սպասարկութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին ու նորահաս սերունդներուն: Հանդիպումը նաեւ առիթ էր վերահաստատելու թեմի հաւատարմութիւնն ու ծառայական յանձնառութիւնները` հանդէպ կիլիկեան Ս. Աթոռին:

 

Share this Article
CATEGORIES