Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Նախակրթարանի Եւ Երկրորդականի 2012-2013 Տարեկան Հունձքը
Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նախակրթարանի եւ երկրորդականի վկայականաց բաշխման միացեալ հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 22 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ: Բոլոր շրջանաւարտներուն համար նշեալ օրը յիշատակելի եւ տպաւորիչ օր մըն էր, իսկ անոնցմով հպարտ ծնողները, կրթական օճախին նուիրեալ ծառայողները, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներն ու ընդհանրապէս բոլոր ներկաները յուզումնախառն զգացումներով լեցուած ականատես եղան երկար տարիներու անխոնջ աշխատանքի արդիւնաւէտ բերքը քաղելու հանդիսութեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ուսուցիչներու եւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով եւ Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտընկայս ունկնդրութեամբ, որուն յաջորդեց Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի տնօրէն Վարդուհի Պալըգճեանի Աստուածաշուչի ընթերցումն ու աղօթքը: Ապա վարժարանին երգչախումբը, խմբավարութեամբ Շողիկ Թորոսեանի, մեկնաբանեց «Մեզ հետ ես, Աստուած», «Ղարաբաղի բալիկն ենք» եւ «Առաջին մայր Հայաստան» երգերը: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Խաչիկ Պապիկեան» արտասանական մրցանքի մրցանակակիր Սարին Էքմեքճեան ապրումով ասմունքեց Մուշեղ Իշխանի «Մայրիկիս» քերթուածը, որուն սրինգի վրայ ընկերակցեցաւ Լոռի Պիլալեան:
Վեցերորդ դասարանէն Ռաիսա-Ռոզ Չագմագեան եւ Ռիթա Մարտիրոսեան անգլերէնով կարդացին հրաժեշտի ուղերձը եւ շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքերու ընդմէջէն ջերմ զգացումներ փոխանցեցին իրենց ծնողներուն, տնօրէնութեան եւ ուսուցիչներուն:
Վարժարանին միջնակարգ եւ երկրորդական աղջիկներու պարախումբը ներկայացուց հայկական պար մը` Անիթա Քէլէշեանի ղեկավարութեամբ, որուն յաջորդեց Մինաս Ադամեանին մեներգը: Ապա վեցերորդ դասարանը ներկայացուց «Սասունցիներու պարը»` ղեկավարութեամբ պարուսոյց Անի Կոստանեանի:
Տասներկրորդ դասարանի շրջանաւարտներէն Լուչիա Չագմագեան եւ Սարգիս Տէր Վարդանեան (հայերէն) եւ Օսանի Նազիկեան (արաբերէն) հրաժեշտի ուղերձներով հանդէս եկան եւ հպարտութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանին տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին` անոնց ցուցաբերած հոգածու խնամքին ու գիտութեան կողքին ջամբած դաստիարակութեան եւ բարոյական ու հոգեւոր կրթութեան համար:
Վարժարանի տնօրէն Մարալ Տէյիրմենճեան բարձր գնահատելէ ետք օրուան բանախօս, վարժարանի հարազատ զաւակ Ճան Սաղըրեանի անխոնջ աշխատանքն ու տարիներու ծառայութիւնը` բեմ հրաւիրեց զայն: Բանախօսը խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ անոնք իրենց նպատակները իրագործելու ընթացքը պէտք է նախապէս ճշդեն եւ բարի ցանկութեամբ միշտ ձգտին լաւագոյնին, իսկ արհեստագիտութեան արագընթաց նուաճումներուն քայլ պահելու կողքին, կարենան գիտակցօրէն արժեւորել առաջնահերթութիւնները եւ իրենց կեանքի ուղեւորութեան սպառնացող տարբեր իրավիճակներու մէջ միշտ ապաւինին Աստուծոյ:
Տասներկրորդ դասարանէն Արենի Սվաճեան վարժարանին վահանը փոխանցեց վեցերորդ դասարանէն Արի Տաքէսեանին, որ խոստացաւ տէր կանգնիլ անոր, զինուիլ քրիստոնէական հաւատքով, հայրենասիրութեամբ ու գիտութեամբ եւ միշտ բարձունքի վրայ պահել վարժարանին անունը: Նոյն խոստումը կրկնեցին նաեւ բոլոր շրջանաւարտները, որոնք խորհրդանշական մոմեր ստացան տասներկրորդ դասարանի շրջանաւարտներէն, Աստտուծոյ լոյսով լուսաւոր ուղիներ ունենալու հաւատքով:
Տեղի ունեցաւ վկայականաց տուչութիւն` ձեռամբ վարժարանի տնօրէնին, վերապատուելի Ս. Քիլաղպեանին, հոգեբարձութեան ատենապետ` Փ. Սաղըրեանին, նախակրթարանի պատասխանատու Վ. Սվաճեանին եւ առնչուող դաստիարակներուն:
Վեցերորդ դասարանէն բարձր պատուոյ յիշատակութեան արժանացան` Ռայիսա-Ռոզ Չագմագեան եւ Ռիթա Մարտիրոսեան, իսկ պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Արի Տագէսեան: Նշեալ աշակերտները, ինչպէս նաեւ Ճեսի Շնորհօքեան եւ Նորայգ Գարագաշեան արժանացան նաեւ բարի վարուց յիշատակութեան:
Տասներկրորդ դասարանի կենսաբանութեան բաժինէն բարձրագոյն միջինի մրցանակին արժանացաւ Լուչիա Չագմագեան, ընդհանուր գիտութեան բաժինէն` Սագօ Տէր Վարդանեան, իսկ տնտեսագիտական բաժինէն` Օսանի Նազիկեան: Շրջանաւարտ դասարաններու տարբեր դասանիւթերու մէջ առաջնակարգ աշակերտներու մրցանակաբաշխումը կատարուեցաւ ձեռամբ Հրաչ Մուրատեանի` գանձապահ Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Շրջանաւարտից միութեան:
Հանդէսի աւարտին վարժարանին տնօրէնութիւնը ծաղկեփունջով մը պատուեց երկարամեայ ուսուցիչ եւ պաշտօնեայ Օտեթ Քրիստեանեանը, որ երկար տարիներ ծառայելէ ետք վարժարանին մէջ, հանգստեան կը կոչուի:
Հուսկ, վարժարանին տնօրէնը ողջունելէ ետք ներկաները, խօսքը ուղղելով ընթացաւարտ աշակերտներուն` աւելցուց. «Դուք ալ կը միանաք վարժարանի պատուաբեր շրջանաւարտներուն մեծ ընտանիքին»: Որպէս վերջին խրատ` տնօրէնը պատուիրեց անոնց, որ ըլլան հաւատարիմ ու հաստատ իրենց սկզբունքներուն, ճնշումներու տակ կամ փորձութիւններու առջեւ չընկրկին, այլ մնան անկեղծ, ճշմարտախօս, արդարամիտ ու պարկեշտ: Ան մարդկային այլ վեհ արժէքներու կողքին, ընդգծեց պարկեշտութեան կարեւորութիւնը եւ աշակերտներուն մաղթեց պայծառ ուղի եւ հեզասահ ընթացք: Զանոնք յորդորելով` աւելցուց, որ կառչած մնան Աստուծոյ խօսքին եւ ըլլան արժանավայել զաւակները իրենց ծնողքին, վարժարանին ու ազգին:
Վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ վեր. Ս. Քիլաղպեանի օրհնութեան աղօթքով: Հրաժեշտի նախորդող վայրկեաններուն տեղի ունեցան հրավառութիւն եւ Ծնողաց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութիւն:
Վկայական ստացան`
Վեցերորդ դասարանէն`
ԱՆթունեան Ալեքսանտրա, Ադամեան Կապրիէլ, Պոյաճեան Կապրիէլ, Տաքէսեան Արի, Տարագճեան Արազ, Էճիտեան Օննիկ, Չագմագեան Ռայիսա-Ռոզ, Գարավարդանեան Խաչիկ, Գասպարեան Մարիա, Գազազեան Վիգէն, Գազեզեան Կարէն, Քելեքեան Միրէյ, Գարագաշեան Նորայգ, Մաքսուտեան Վիգէն, Մարտիրոսեան Ռիթա, Մելիքեան Սերժ-Հրակ, Նարկիզեան Վալերի, Նազարէթեան Նարեկ, Սարաֆեան Սերժ, Շահինեան Փաթիլ, Շնորհօքեան Ճեսիքա, Թորոսեան Կայէլ:
Տասներկրորդ դասարանի կենսագիտութեան բաժինէն`
Գիլարճեան Քրիս,Չագմագեան Լուչիա, Պիլալեան Լոռի:
Տասներկրորդ դասարանի ընդհանուր գիտութեան բաժինէն`
Ոսկերիչեան Սարին, Սվաճեան Արենի, Տէր Վարդանեան Սագօ:
Տասներկրորդ դասարանի տնտեսագիտութեան բաժինէն`
Աւետիսեան Գրիգոր, Գարագաշեան Նայիրի, Ղազարեան Սարին, Մաչուլեան Սեւանայ, Նազիկեան Օսանի, Պագգալեան Մարիա, Պապօղլանեան Մինաս, Պեքերեճեան Սեւակ, Փոլատեան Սերժ, Քրտեան Նարէ:



