Եգիպտոսի Մէջ. Իսլամ Եղբայրներու Ղեկավարներու Ձերբակալման Գիր Հրապարակուեցաւ

Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Մոհամետ Պատիհ

Եգիպտոսի պետական դատախազութիւնը հրամայեց ձերբակալել եւ բերման ենթարկել Իսլամ եղբայրներու հոգեւոր առաջնորդ Մոհամետ Պատիհը, շարժումի ղեկավարներէն Մոհամետ Պալթաժին, շարժումի քաղաքական թեւին` Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Իսամ Օրիանը եւ շարք մը այլ ղեկավարներ` նախագահական պահակագունդի զօրանոցին առջեւ տեղի ունեցած բռնարարքները հրահրելու յանցանքով: Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած բռնարարքներուն ընթացքին աւելի քան 50 զոհ արձանագրուած էր: Իսլամ եղբայրներու բազմաթիւ անդամներ արդէն արգելափակուած են:

Դատախազութիւնը նաեւ հրամայեց վերոնշեալ դէպքի հարցով 206 անձեր արգելափակել եւ երկու հազար կինէ փրկագինով ազատ արձակել 446 այլ անձեր:

Մինչ այդ, Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը յայտարարեց, որ պիտի չմասնակցի ժամանակաւոր վարչապետ Հազեմ Պեպլաուիի կազմելիք կառավարութեան: Ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի բանբերը յայտնած էր, որ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան եւս նախարարութիւններ պիտի առաջարկուի: Սակայն կուսակցութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներէն Մոհամետ Քամալ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնեց, որ «մենք երբեք նախարարաց խորհուրդին մաս պիտի չկազմենք, այնքան ատեն, որ Մուրսի իբրեւ նախագահ չէ վերադարձած»:

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ Մուրսի կը գտնուի ապահով վայր մը, եւ անոր դէմ առայժմ ամբաստանութիւններ չեն ներկայացուած:

Երկրի ժամանակաւոր վարչապետ Պեպլաուի երէկ «Եոմ Սապեհ» օրաթերթին յայտնեց, որ նոր կառավարութեան կազմութեան խորհրդակցութիւնները սկսած են երէկ եւ կը նախատեսուի զանոնք աւարտել երկու կամ երեք օրէն` նշելով, որ նոր նախարարներու նշանակման համար նկատի պիտի առնուի փորձառութիւնն ու ատակութիւնը: Ինչ կը վերաբերի լուծարուած կառավարութեան մէջ Ազատութիւն եւ արդարութիւն կուսակցութեան շարք մը նախարարներու պահպանման կարելիութեան, ան ըսաւ, որ «այդ հարցը մինչեւ հիմա չքննարկուեցաւ»:

Մինչ այդ, Եգիպտոսի ընդդիմադիր Փրկութեան ճակատը երէկ յետս կոչեց սահմանադրական հռչակագիրը մերժող իր յայտարարութիւնը:

Ընդդիմադիր «Թամարրոտ» շարժումը յայտարարեց, որ նախագահ Մանսուր սահմանադրական հռչակագիրը բարեփոխումներու ենթարկելու համաձայն գտնուած է:

Եգիպտական բանակէն աղբիւր մը քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ բանակը պատրաստ է տագնապէն դուրս գալու բոլոր առաջարկները քննարկելու, բացի Մուրսիի վերադարձէն:

Ուաշինկթըն Ապու Տապիի Եւ
Տոհայի Հետ Կապ Կը Հաստատէ

Սպիտակ տունը երէկ յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի եւ Քաթարի իշխան Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ եւ անոնց հետ քննարկած Եգիպտոսի զարգացումները` ուժի օգտագործումն ու բռնարարքներու հրահրումը մերժելով:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գահաժառանգին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին երկու կողմերը մտահոգութիւն յայտնած են Եգիպտոսի մէջ արձանագրուող բռնարարքներուն եւ քաղաքական բեւեռացումին նկատմամբ` համաձայնութիւն գոյացնելով, որ քաղաքական ղեկավարները բռնարարքներու հրահրումէն եւ քաջալերումէն հեռու պէտք է մնան:

Օպամա նշած է, որ Եգիպտոսի քաղաքական, զինուորական եւ կրօնական ղեկավարները պէտք է երկխօսութեան մասնակցին եւ յանձնառու ըլլան ժողովրդավարական ձեւով ընտրուած քաղաքային կառավարութեան մը վերադարձը արագացնելու քաղաքական հոլովոյթին մասնակցութեան:

Նշենք, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ երեքշաբթի օր Եգիպտոսին 3 միլիառ տոլար տրամադրեցին, իսկ Սէուտական Արաբիան տրամադրեց 5 միլիառ տոլար:

Օպամա Քաթարի իշխանին հետ եւս նոյն կէտերուն շուրջ համամիտ գտնուած է եւ շեշտած, որ Ուաշինկթըն եւ Տոհա կապի մէջ պիտի ըլլան Եգիպտոսի մէջ բոլոր կողմերուն հետ ամրապնդելու համար ընտրովի կառավարութեան մը արագ վերադարձի գաղափարը:

Share this Article
CATEGORIES