ՔԱԿ-ի Ղեկավար Կազմին Մէջ Փոփոխութիւն
Հիւսիսային Իրաքի Կորդուաց լեռներու շրջանին մէջ տեղի ունեցած է «ՔՈՆԿՐԱ-ՃԵԼ»-ի ընդհանուր ժողովը, որուն ընթացքին ՔԱԿ-ի ղեկավար կազմին մէջ փոփոխութիւն կատարուած է:
Քրտական «Ֆըրաթ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ վեց օր տեւած «ՔՈՆԿՐԱ- ՃԵԼ»-ի 9-րդ ընդհանուր ժողովին ընթացքին Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան (ՔԱԿ) քաղաքական թեւին` Քրտական հասարակութիւններու միութեան (ՔՀՄ) ղեկավար խորհուրդին մէջ համակարգային փոփոխութիւն կատարուած է: Նոր համակարգով այսուհետեւ ՔՀՄ-ն համանախագահներէ կազմուած պիտի ըլլայ: Փոփոխութիւններէն ետք տեղի ունեցած քուէարկութեամբ ՔՀՄ-ի ղեկավար խորհուրդի համանախագահներ դարձած են Ճեմլի Պայըք եւ Պեսէ Հազաթ: Ապտիւլլա Օճալանը միաձայնութեամբ ընտրուած է ՔՀՄ-ի գլխաւոր նախագահ:
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ՔՀՄ-ի ղեկավար խորհուրդի նախկին նախագահ Մուրատ Քարայըլան Օճալանի պահանջով տեղափոխած են ՔԱԿ-ի զինուորական թեւի ղեկավարութիւն:

