Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ղասսան Մուխայպերը, որ ցաւակցութիւն յայտնեց Ապրայի դէպքերուն ընթացքին նահատակուած զինուորականներուն համար: Զօր. Քահուաժի ընդունեց նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական իրադարձութիւնները եւ երկու հաստատութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԸՍՏ վստահելի աղբիւրներու, Սուրիոյ արմատական շարժումի անդամներ ապօրինի կերպով Պեքաա մուտք կը գործեն եւ Քամետ Լաուզ լեռներէն կ՛ուղղուին դէպի Մաժտալ Այնճար եւ այլ շրջաններ:  Հարաւային արուարձաններու պայթումին եւ այս խմբաւորումներուն միջեւ կապի մը հաւանականութիւնը նախատեսուած է:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր հաշիւին ընդմէջէն կատարեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ շեշտեց, որ Մաժտելիունի սալաֆականութիւնը կը փափաքի հարուածել լիբանանեան բանակը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան փոխնախագահ Սըժաան Ազզի ըսաւ, որ եթէ վարչապետ Թամմամ Սալամ կարողութիւն ունի առանց Հըզպալլայի մասնակցութեան կառավարութիւն կազմելու, ապա թող կազմէ զայն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Հիքմաթ Տիպ շեշտեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ներքին հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ կան, սակայն ռազմավարական առումով ոչ մէկ տարակարծութիւն արձանագրուած է:

ՊԱՂԵՍՏԻՆԵԱՆ իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս շեշտեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Լիբանանի պաղեստինեան գաղթակայանները արտաքին օրակարգերու գործադրութեան կեդրոններու վերածուին:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ոչ մէկ կառավարութեան մաս պիտի կազմեն, նախքան Սուրիայէն Հըզպալլայի հեռացումը:

ՖԱԹՀ դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն պայթումը` ընդգծելով, որ այդ պայթումին նպատակն է խախտել Լիբանանի կայունութիւնը եւ քաղաքացիական ապահովութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Լիբանանի ազգային շահերը կ՛ենթադրեն երկրին մէջ գրգռութիւնները նուազեցնելու անհրաժեշտութիւնը:

ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ շարժումի հիմնադիր, իսլամ քարոզիչ Շահհալ շեշտեց, որ Հըզպալլա առեւանգած է լիբանանեան պետութիւնը եւ կը ջանայ իր հակակշիռին տակ առնել ամբողջ Լիբանանը:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երկրին հարցերուն իսկական լուծումը լիբանանեան պետութեան եւ անոր պայմաններուն վերադառնալն է եւ ոչ թէ կուսակցութեան մը կամ համայնքի մը պարտադրած պայմաններուն գործադրութեամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )