ՊՈՏՐՈՒՄԻ ԱՌՈՂՋԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԹՈՒՆԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏՃԱՌՈՎ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԱԾ Է ԶՈՀ ՄԸ
Թուրքիոյ Պոտրում քաղաքին մէջ թունաւորուած են զբօսաշրջիկներ, որոնցմէ մէկը մահացած է: Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոսարանէն ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ հիւպատոսարանը 28 մայիսին ռուս զբօսաշրջիկներու թունաւորման մասին տեղեկութիւն ստացած է:
Ընկերութիւններէն մէկը շուրջ 70 ռուս զբօսաշրջիկներու համար առագաստանաւով պտոյտ կազմակերպած էր: Վեց զբօսաշրջիկներ կը գտնուին ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ: Անոնք տեղափոխուած են Անթալիոյ եւ Տենիզլիի հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներ:
Բժիշկները չեն կրցած փրկել 28-ամեայ Մարիա Շալիափինայի կեանքը:
CATEGORIES Միջազգային