«ԾՈՑԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՆՄԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ
Եգիպտոսի վարչապետ Իսամ Շարաֆ քաթարական «Շարք» օրաթերթին յայտնած է, որ Տոհա իր այցելութիւնը Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջեւ յարաբերութեանց բոլոր մարզերուն մէջ նոր էջ մը կը բանայ` աւելցնելով, որ իր այցելութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւններն ու համակարգումը պիտի ամրապնդէ, ինչպէս նաեւ եղբայրական երկու երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն միջեւ պատմական հոյակապ յարաբերութիւնները պիտի վերականգնէ:
Եգիպտոսի վարչապետը հասարակաց շահերուն ապագային նկատմամբ իր վստահութիւնը յայտնած է եւ ողջունած Լիպիայէն եգիպտացի աշխատաւորներու փոխադրութեան հարցով Քաթարի ջանքերը:
Շարաֆ բացայայտած է, որ Քաթարի իշխանութիւններուն հետ քննարկելու համար իրեն հետ Քաթար բերած է երկկողմանի յարաբերութեանց եւ արաբական ու շրջանային հարցերու վերաբերող բոլոր թղթածրարները: «Եգիպտոս աշխատանք կը տանի արաբական շրջանին մէջ ոմանց եւ բոլորին հետ ապագայի կառուցման համար», ըսած է ան:
Եգիպտոսի վարչապետը Արաբական ծոցի երկիրներուն յայտնած է արաբականութեան, միասնականութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ իր երկրին նախանձախնդրութիւնը` նշելով, որ «Ծոցի մէջ կայունութեան պահպանումը եգիպտական ազգային ապահովութեան համար ազգային յանձնառութիւն մը եւ ռազմավարական հիմնական խորք մը կը ներկայացնէ»: Ան աւելցուցած է, որ «Ծոցի երկիրներուն ապահովութիւնը, կայունութիւնն ու արաբականութիւնը կարմիր գիծեր են, որոնց վտանգումը չենք ընդունիր»:
Միւս կողմէ, Արտաքին հարցերու եգիպտական խորհուրդի նախագահ, դեսպան Մոհամետ Իպրահիմ Շաքեր քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեց, որ Իրանի հետ Եգիպտոսի մերձեցումը պէտք է նկատի ունենայԾոցի մէջ հաշիւները: