ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ` ՄԱԿ-Ի ԱՆԴԱՄԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՊԻՏԻ ՊԱՀԱՆՋԷ

Արաբական լիկան շաբաթ օր Տոհայի մէջ իր ժողովին ընթացքին որոշեց Կազայէն ու բռնագրաւեալ Այսրյորդանանէն բաղկացած եւ արեւելեան Երուսաղէմը մայրաքաղաք ունեցող պաղեստինեան պետութեան ՄԱԿ-ի անդամակցութիւնը հետապնդել:

Արաբական լիկան իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնեց, որ

«Արաբական լիկայի` Տոհայի մէջ ժողով գումարող խաղաղութեան հոլովոյթի յանձնախումբը յայտնեց, որ սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ նախատեսուած ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին ընթացքին պաղեստինեան պետութեան ամբողջական անդամակցութիւն պիտի պահանջէ:

«Յանձնախումբը որոշեց ՄԱԿ-ին դիմել 1967-ի սահմաններով եւ արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով Պաղեստինի ամբողջական անդամակցութիւնը պահանջող դիմում մը ներկայացնել»:

Պաղեստին ներկայիս ՄԱԿ-ի մէջ դէտի կարգավիճակ կը վայելէ եւ նիստերուն կը մասնակցի խորհրդակցական ձայնով:

 

Share this Article
CATEGORIES