«ԵԳԻՊՏԱՑԻՆԵՐԸ ՌԱՖԱՀԻ ԱՆՑՔԻՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԱՇԽԱՒՈՐԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՈՒՆԻՆ» Կ՛ԸՍԷ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ

Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ «եգիպտացիները կարողութիւնը ունին ապահովութիւնը երաշխաւորելու Ռաֆահի անցքին, զոր Գահիրէ շաբաթ օրուընէ սկսեալ անոր ամբողջական կերպով բացուելուն մասին յայտարարած էր» եւ շեշտած էր, որ որդեգրուած կարգ մը նոր միջոցառումներ զէնքերու մաքսանենգումին եւ ահաբեկչութեան նիւթական օժանդակութեան չգոյութիւնը կ՛երաշխաւորեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարք Թոնըր յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կը զօրակցին Կազայի մէջ պաղեստինցի ժողովուրդի մարդկային կարիքներուն ապահովման միտող ջանքերուն», սակայն  անհրաժեշտ է, որ այդ ջանքերը նաեւ ահաբեկչութեան զէնքի մատակարարումը եւ ֆինանսաւորումը արգելակող միջոցառումներ պարունակեն:

Ան աւելցուց, որ «կը կարծենք, որ եգիպտացիներ ամբողջովին կը գիտակցին եւ կարողութիւնը ունին պէտք եղած ապահովութիւնը երաշխաւորելու»:

 

Share this Article
CATEGORIES