ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆԻ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔԸ
Նախորդ շաբաթավերջին Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնի համագումարը իր աշխատանքները աւարտեց Լիբանանի մէջ` գլխաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ֆայսալ Պըն Համիտ Քասիմիի:
Արաբական հեծելարշաւի ֆետերասիոնին պատուիրակութիւնը իր տարեկան համագումարը կայացուց Պրումմանայի «Փրենթանիա» պանդոկին մէջ:
Այս համագումարին Լիբանանը կը ներկայացնէր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Վաչէ Ծատուրեան:
Պատուիրակութիւնը Լիբանանին շնորհակալութիւն յայտնեց այս համագումարը հիւրընկալելուն համար, միեւնոյն ժամանակ ալ խոստանալով բոլոր դիւրութիւնները ընծայել Լիբանանի, որպէսզի անիկա յառաջիկայ տարի լաւապէս հիւրընկալէ Ասիոյ հեծելարշաւի ախոյեանութիւնը:
Համագումարին աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում` պատուիրակութեան նախագահներուն հետ: Իր կարգին, Վաչէ Ծատուրեան յատուկ յուշանուէր մը տուաւ Քասիմիի:
Նշենք, որ նախքան Լիբանանէն իր մեկնումը, արաբական պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Ծատուրեանի, յատուկ ժողով մը գումարեց Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Անթուան Շարթիէի, Թոնի Խուրիի եւ այլ անդամներու հետ:


