Միքաթի Քննարկեց Վարչական Եւ Ապահովական Շարք Մը Հարցեր

Շարպել, Արիտի եւ Միքաթի

Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտին եւ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպելը:

Քննարկուեցան երկու նախարարութիւններուն վերաբերող թղթածրարները:

Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ երեսփոխան Հատի Հպէյշի հետ: Քննարկուեցան Աքքարի կարիքները:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ժորժ Խուրի:

 

Share this Article
CATEGORIES