Պըրրի Վերահաստատեց Կառավարութեան Կազմութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին վերահաստատեց կառավարութեան կազմութիւնը արագացնելու կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով այս հանգրուանին Լիբանանի դիմագրաւած վտանգաւոր եւ զգայուն պայմանները:
Պըրրի նշեց, որ իրենք դիւրացուցած են եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ամէնէն մօտիկ ապագային դիւրացնելու Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը պատգամէ մը աւելին է` աւելցնելով, որ այդ դէպքը պատասխանատու կեցուածքի կը կարօտի` դիմադրելու համար ոճրային այս ֆիլմաշարին, որ թիրախ կը դարձնէ ամբողջ Լիբանանը:
Չորեքշաբթի օրուան հանդիպումին իրենց մասնակցութիւնը բերած երեսփոխանները շեշտեցին, որ Պըրրի նախանձախնդիր է արագացնելու քարիւղի հանքերու պեղման առումով կատարուելիք ներդրումները եւ արգիլելու Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի քարիւղի հարստութեան դէմ յարձակելու փորձերը:
Անոնք յայտնեցին, որ Պըրրի ընդգծած է, թէ Լիբանանի իրաւունքն է պաշտպանել իր քարիւղին եւ բնական կազին իւրաքանչիւր կաթիլը:
Նշենք, որ Պըրրի երէկ ընդունեց նաեւ խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Միւս կողմէ, Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանէն, որ դատապարտեց Պիր Ապըտի պայթումը:
Պըրրի նմանօրինակ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ նաեւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիէն, վարչապետ Թամմամ Սալամէն եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:
Պելճիքայի խորհրդարանի նախագահ Անտրէ Ֆլահօ իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Պըրրիի հետ եւ դատապարտեց Պէյրութի հարաւային արուարձանները ցնցած պայթումը:
Ռամատանի առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանիէն եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարէն:
Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ նաեւ Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Ժիհատ Լահհամէն եւ Եմէնի խորհրդարանի նախագահ Եհիա Ալի Ռայիէն:


