«Կը Մերժենք Սուրիոյ Տագնապին Միջամտութիւնները, Որոնք Մեզի Համար Ոչ Մէկ Շահ Կ՛ապահովեն» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Նախագահ Սլէյման եւ Մուքպել

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ վերստին կոչ ուղղեց կառչած մնալու «Պաապտայի յայտարարութեան» եւ շեշտեց սուրիական տագնապին լիբանանեան կողմերու միջամտութիւններուն վերջ տալու կարեւորութիւնը, որովհետեւ այդ միջամտութիւնները Լիբանանի համար ոչ մէկ շահ կ՛ապահովեն:

Նախագահ Սլէյման ընդգծեց ներքին լիբանանեան համագործակցութեան կարեւորութիւնը, առանց որուն Լիբանան գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

Նախագահ Սլէյման պահանջեց, որ Լիբանանը այլոց ժողովրդավարութեան խորանին իբրեւ զոհ չմատուցուի, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ Լիբանան տասնեակ տարիներու զոհողութիւն ցուցաբերած է` պահպանելու համար իր ժողովրդավարութիւնն ու մշակոյթը, որ զինք զատորոշած է իր միջավայրէն:

Նախագահ Սլէյման յոյս յայտնեց, որ խորհրդարանը երեսփոխանական ընտրութիւններու նոր օրէնք մը մշակէ եւ անոր հիման վրայ կատարէ երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Լիբանանի մշակութային տուներու համախմբումին մէկ պատուիրակութիւնը ընդունելու ընթացքին:

Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նախարարական յանձնախումբերուն աշխատանքը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )