Հարաւային Արուարձաններու Բնակչութիւնը Կը Փորձէ Վերադառնալ Իր Առօրեային
Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ երէկ կեանքը վերադարձաւ իր բնական հունին, հակառակ նախանցեալ օր նոյն շրջանին մէջ արձանագրուած պայթումին պատճառած քանդումին եւ նիւթական վնասներուն:
Հարաւային արուարձաններու բնակիչները Պիր Ապըտի մէջ բարձրացուցին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուեցան կարգախօսներ` ընդգծելով Դիմադրութեան եւ իրենց կեանքին կառչած մնալու իրենց կամքը:
Պիր Ապըտի մէջ գտնուող այն վաճառատուները, որոնք նիւթական վնասներ չէին կրած, երէկ բացին իրենց դռները, իսկ պայթումէն տուժած վաճառատուները ամէն ջանք ի գործ դրին վերադասաւորելու իրենց աշխատանքը:
Կէսօրէ առաջ բանակին մէկ պատուիրակութիւնը, Փրկարար աշխատանքի գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներուն ընկերակցութեամբ, այցելեց Պիր Ապըտ` արձանագրելու համար ընդհանուր վնասները, որոնց համար աւելի ուշ հատուցումներ պիտի ապահովուին:
Պիր Ապըտ այցելեց նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Պաապտայի մասնաճիւղին մէկ պատուիրակութիւնը, որ դիմաւորուեցաւ Հըզպալլայի մէկ պատուիրակութեան կողմէ:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը զօրակցութիւն յայտնեց Հարաւային արուարձաններու բնակչութեան` աւելցնելով, որ պայթումը շրջանին բնակչութիւնը պիտի չյուսալքէ:
Միւս կողմէ, «Ջոկատ թիւ 313, յատուկ առաքելութիւն» անունը կրող անկախ կռուողներու զինուորական խմբաւորում մը, որ կը գործէ Սուրիոյ մէջ, երէկ Դիմատետրի ընդմէջէն ստանձնեց Պիր Ապըտի պայթումին պատասխանատուութիւնը` նշելով, որ անիկա առաջինը չէ, ինչպէս նաեւ վերջինը պիտի չըլլայ:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստը դատապարտեց Հարաւային արուարձաններու պայթումը` նշելով, որ ահաբեկչութիւնը խաղաղութեան սպառնացող ամէնէն վտանգաւոր սպառնալիքն է: Միաժամանակ, ՄԱԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Ռոզմերի տի Քարլօ յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին Հըզպալլայի մասնակցութիւնը «Պաապտայի յայտարարութեան» վարկաբեկում է:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայն, Հարաւային արուարձաններու պայթումը փորձ մըն է Լիբանանը մղելու դէպի Սուրիոյ տագնապը:
Նախկին նախարար Թալալ Մերեհպի դատապարտեց Պիր Ապըտի պայթումը եւ կոչ ուղղեց Լիբանանի մէջ տեղի ունեցող հարցերը ազգային զգացումով լուծելու:
Աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Սելիմ Ժրայսաթի շեշտեց, որ Հարաւային արուարձանները թիրախ դարձնելը զայն աւելի հզօր եւ ամրապնդուած կը դարձնէ` սադրանքներուն դիմաց:
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա հաստատեց, որ Ապրայի դէպքերէն ետք Լիբանանի մէջ հնչած գրգռութիւնները պատճառած են Հարաւային արուարձաններու պայթումը:
Ազատագրում եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Պիր Ապըտի պայթումը կը ջրէ այն յայտարարութիւնները, թէ Հարաւային արուարձանները ապահովական խարիսխ կը նկատուին:
Վարչական բարեկարգումի պետական նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆընէյշ յայտնեց, որ Հարաւային արուարձաններուն մէջ գործուած պայթումը թիրախ կը դարձնէ լիբանանեան ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Յայտնենք, որ ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել շեշտեց, որ ինք նախանցեալ օր Հարաւային արուարձաններուն մէջ յարձակումի չէ ենթարկուած` աւելցնելով, որ բոլորը զինք համբոյրներով դիմաւորած են: Շարպելի տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ դէպքին վայրին մէջ արձանագրուած հրմշտուքը անձնական հարց էր:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Պէյրութի հարաւային արուարձանները թիրախ դարձուցած պայթումը նախատեսելի էր: Իսկ անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Հարաւային արուարձաններուն մէջ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Հըզպալլայի ապահովական թեւի անդամներ Մշարաֆիէի եւ Հայ Սըլլոմի մէջ արդէն իսկ չորս ականներ վնասազերծած էին:

