Վանի 1700-ամեայ Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցին Վերաբացուած Է

«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Վանի Բաշքալա շրջանին մէջ գտնուող 1700-ամեայ Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցին վերաբացուած է, երբ այդ տարածքէն հեռացած է թրքական զօրամասը: Նախապէս եկեղեցին ապահովական նկատառումներով փակուած էր, որովհետեւ կը գտնուէր նշեալ զօրամասի տարածքին մէջ:

Շրջանին մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի համար նախատեսուած զօրամասը կը գտնուէր Իրանի սահմանէն 23 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ այդտեղ տեղակայուած էր 31 տարի առաջ: Սակայն այժմ, քիւրտերուն հետ տագնապի լուծման փուլի ծիրին մէջ, զօրամասը գիւղական տարածքներէն դուրս բերուած է:

Շրջանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան ղեկավար Մուզաֆֆեր Աքթուղ «Անատոլու»-ին պատմած է, որ 3-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին երկար ժամանակ անուշադրութեան մատնուելուն պատճառով փլուզման եզրին յայտնուած է:

Ան նշած է, որ վերակառուցման աշխատանքները կը շարունակուին, եւ իրենք կը փափաքին շրջանի բոլոր պատմական վայրերը բանալ զբօսաշրջութեան համար:

Զօրամասին հեռացումէն ետք եկեղեցւոյ անվտանգութիւնը ապահովող Մեսութ Այտըն յոյսով է, որ եկեղեցին վերակառուցուելէ ետք լաւ տեսք ունենայ եւ նպաստէ զբօսաշրջութեան զարգացման:

«Մենք` իբրեւ այս տարածքներուն մէջ ապրող գիւղացիներ, կ՛ուզենք, որ անիկա շուտով վերակառուցուի: Այդ աշխատանքները մեզի համար շատ կարեւոր են», ըսած է ան:

Share this Article
CATEGORIES