«Վարչապետը Պատերազմ Յայտարարած Է Դաշնակցութեան Դէմ» Յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցին ընթացքին ըսաւ, թէ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան հրապարակաւ ըսած է, որ պատերազմ  կը յայտարարէ Դաշնակցութեան դէմ: Ըստ Մարգարեանի, այդ պատերազմին շրջագիծին մէջ վարչապետը մամուլին մէջ Դաշնակցութեան մասին «կեղտոտ բամբասանքներ» կը պատուիրէ:

Նշենք, որ մամուլը գրած էր, թէ Դաշնակցութեան մէջ կան լուրջ դժգոհութիւններ, մասնաւորաբար, որ փորձեր կը կատարուին կուսակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչի պաշտօնէն հեռացնել Հրանդ Մարգարեանը:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի հարցումին, թէ արդեօք դաշնակցականները կը դժգոհի՞ն իրմէ, եւ իսկապէ՞ս լուրջ խմորումներ տեղի կ՛ունենան կուսակցութեան մէջ, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ իսկապէս հարցեր եղած են, մասնաւորաբար` դժգոհութիւններ ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան արձանագրած արդիւնքներէն, բայց անոնք արդէն լուծուած են, եւ այսօր որեւէ հարց չկայ:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ այն, ինչ որ մամուլին մէջ կը գրուի, որեւէ առնչութիւն չունի իրականութեան հետ: Ան աւելցուց, որ անոնք դուրսէն գործադրուող ճիգեր են Դաշնակցութեան մէջ ճեղքեր գտնելու եւ հարցեր ստեղծելու համար` նշելով, որ խօսքը տուեալ պարագային վարչապետի մասին է:

«Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան իր տնտեսական ապիկար գործունէութեան պատճառով [Դաշնակցութեան կողմէ] քննադատութեան ենթարկուելէն ետք հրապարակաւ յայտարարեց, որ ինք պատերազմ կը յայտարարէ Դաշնակցութեան դէմ, եւ այս տեսակ կեղտոտ լրատուութիւնը, կեղտոտ բամբասանքի լրատուութիւնը իր գործն է», յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը: Ան աւելցուց, որ տկար եւ թոյլ մարդը կը փորձէ այս միջոցներով հարցեր լուծել:

«Ուրիշ ոչինչ կայ` մենք ոչ սիրահարուած ենք եւ ոչ ալ կ՛ատենք այդ վարչապետը, բայց ձախողակ վարչապետ է, եւ անոր համար այս ձեւերը կ՛օգտագործէ իր հարցերը լուծելու համար», յայտարարեց Հրանդ Մարգարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ ձեւերով պիտի դիմակայէ այդ պատերազմին, Հրանդ Մարգարեան յայտնեց, որ այդ պատերազմէն աւելի շատ պիտի վնասուի Տիգրան Սարգսեանը եւ ոչ թէ Դաշնակցութիւնը:

Ինչ կը վերաբերի վարչապետի անունին հետ կապուած «արտերկրային առեւտուրի» յայտնի գայթակղութեան, ՀՅ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ գնահատական արդէն տրուած է, իսկ Տիգրան Սարգսեանն ալ իր բացատրութիւններով ինքնիրեն դրած է ծիծաղելի վիճակի մէջ: Դաշնակցութիւնը ծիծաղելի կը նկատէ վարչապետին այն բացատրութիւնները, որ ինք տեղեակ չէ, թէ իր անունը ինչպէ՛ս յայտնուած է արտերկրային առեւտուրի այդ ընկերութեան բաժնետէրերու ցանկին վրայ:

Ան անգամ մը եւս համոզում յայտնեց, որ վարչապետ Տիգրան Սարգսեան պէտք է պաշտօնանկ ըլլայ, որուն մասին Դաշնակցութիւնը բազմիցս ըսած է. «Եթէ երկրին մէջ վերջին յոյսի նշոյլը չենք ուզեր սպաննել, ատիկա նուազագոյն քայլն է, որ պէտք է կատարուի, եւ ոչ միայն վարչապետը` բաւական մարդ կայ, որ պէտք է փոխուի»:

Պատասխանելով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի այն հարցումին, թէ նախագահի փոփոխութի՞ւնն ալ կը պահանջեն, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ նախագահին փոխուիլը ժողովուրդին կամքէն  կախեալ է, զայն կը փոխէ ժողովուրդը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (1)
  • Barkev Asadourian 10 years

    Ստորին Վարւելակերպութեան Քաղաքական Նոր Երեւոյթ մըն է Հայաստանի Վարչապետի կողմեն Հանդեպ Պատմական Հ․Յ․Դ․ին․

  • Disqus ( )