Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Եթէ արձակուրդի մէջ էք, լաւ դասաւորեցէք ժամանցի պահերը: Այնպէս մը ըրէք, որ զղջալու ոչինչ ունենաք: Օրինակ` օգտուեցէք արեւէն:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր օրը պիտի յորդի սիրով, ընտանեկան կամ ընկերային ու բարեկամական իմաստով: Այսօր ցնծութեան օրն է ձեզի համար:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ կարծէք, որ ձեզ չեն հասկցած ձեր ընտանիքին մէջ: Անոնք լաւ ծանօթ են ձեր զգացումներուն եւ կը մտածեն ձեզի նման:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր առօրեայ ծախսերը լաւ վիճակ կը պարզեն: Մտահոգուելու ոչինչ ունիք: Ժամանակ տրամադրեցէք հանգստանալու, երբ առիթը ներկայանայ: Խոհեմ եղէք:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր մտերմիկ կամ ընկերային յարաբերութեան մէջ ուշադիր եղէք: Փունջ մը ծաղիկ նուիրեցէք ձեր սիրելիին, որպէսզի օրը անցնի սիրալիր:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր եռանդը եւ վճռակամութիւնը պիտի ընթանան արագ քայլերով` ձեր որոշումը անյապաղ հաստատելու համար: Օրը գործնական է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժամանակը կը սահի հեզասահ: Ձեր աշխատանքները պիտի կատարէք ըստ օրուան պահանջին, արդիւնաւէտ գործակցութեամբ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ընտանիք եւ բարեկամներ` բոլորը պիտի միանան ձեր տունը ուրախ ժամանց մը ունենալու յատուկ մէկ առիթով: Որախացէք միասնաբար:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ունիք փափաքներ` կեանքին մէջ իրագործելու, բայց դեռ կը մտածէք կատարելու մասին: Գիտցէք, որ որեւէ ատեն երբեք ուշ չէ բաղձանք մը իրագործելու համար:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Պիտի ունենաք ճամբորդութիւն մը: Նաեւ հոգեմտաւոր տրամադրութիւն: Օրը փայլուն է ձեր որոշումները կատարելու բնական կերպով:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ապագային նայեցէք լաւատեսութեամբ: Այս կեցուածքով միայն կրնաք յառաջդիմել եւ ձեռք բերել ձեր փափաքածը: Օրը այս կը թելադրէ:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Հաճելի յարաբերութիւն պիտի ունենաք ձեր սիրելիին հետ` գաւաթ մը սուրճի կամ առանց ալքոլի ըմպելիի մը շուրջ: Օրը պիտի ընթանայ ըստ ձեր ճաշակին, որ դրական է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )