ԵՄԷՆԻ ՕԴՈՒԺՆ ՈՒ ԾՈՎՈՒԺԸ ԶԱՆԺԻՊԱՐԻ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ ԴԻՐՔԵՐԸ ԿԸ ՌՄԲԱԿՈԾԵՆ

Եմէնցիներ կ՛օգնեն վիրաւոր ցուցարարի մը

Եմէնեան օդուժէն ռմբաձիգներ եւ ծովուժէն մարտանաւեր երէկ հարուածեցին Հարաւային Եմէնի Զանժիպար քաղաքը, որ շաբաթավերջին գրաւուած էր իսլամական զինեալներու կողմէ, մինչ երկրին քաղաքական տագնապը դէպի յաւելեալ արիւնահեղութիւն ուղղուեցաւ:

Զանժիպարի մէջ բանակային ուժեր բախում ունեցան ուրբաթ օրուընէ ի վեր անցարգելներու եւ ժայռերու ետին ամրացած զինեալներուն հետ` փորձելով վերատիրանալ քաղաքին: Ռմբակոծումին պատճառով առնուազն չորս զինեալներ սպաննուեցան` շաբաթ օրուընէ ի վեր արձանագրուած զոհերուն թիւը բարձրացնելով 34-ի:

Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան, Զանժիպարը գրաւած իսլամականները Քայիտայի անդամներ չեն, այլ` Ատենի բանակ անունով իսլամական խմբաւորման նախկին անդամներ, որոնք 1980-ական թուականներուն Աֆղանիստանի մէջ Խորհրդային Միութեան դէմ կռուած են, ապա վերադառնալով Եմէն 1994-ի քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին պատերազմած նախագահ Ալի Ապտալլա Սալեհի կողքին:

Միւս կողմէ, Սալեհի հաւատարիմ Հանրապետական պահակագունդէն ուժեր քաղաքային հագուստներ կրող զինեալներու հետ երկուշաբթի օր յարձակում գործեցին հարաւային Թայիզ քաղաքի Ազատութեան հրապարակին մէջ գտնուող նստացոյցի ճամբարին վրայ` սպաննելով 51 ընդդիմադիր ցուցարարներ եւ հրկիզելով վրաններ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES