ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ՈՒՂԵՐՁ ԿԸ ՅՂԷ ՎԱՀԱԳՆ ՏԱՏՐԵԱՆԻՆ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս շնորհաւորական ուղերձ յղեց ամերիկահայ անուանի պատմաբան, Զօրեան հիմնարկի ցեղասպանութեան ուսումնասիրման գծով տնօրէն, մասնագէտ Վահագն Տատրեանին` վերջինիս ծննդեան 85-րդ տարեդարձին առիթով:
Իր ուղերձին մէջ անդրադառնալով Վ. Տատրեանի գիտական գործունէութեան եւ աշխատանքներուն ունեցած հասարակական – քաղաքական մեծ ազդեցութեան` նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ մեր ժամանակներու հայ մեծ գիտնականին աւանդը Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ ժխտողականութեան փաստարկուած ծանրակշիռ հակահարուածներ հասցնելու գործին մէջ շարունակաբար իր տեսանելի արդիւնքը կու տայ:
Ըստ նախագահին, անիկա մեծ ներդրում է ցեղասպանութեան ոճիրին դէմ միջազգային պայքարին մէջ, ուր Հայաստան ստանձնած է եւ մշտապէս պիտի պահէ առաջամարտիկի իր դերը:
«Հայրենիքի մէջ գիտեն, կը սիրեն եւ կը գնահատեն ձեզի` իբրեւ մարդու, որ իր կեանքը եւ գործը նուիրած է իր ժողովուրդի արդար դատի պաշտպանութեան: Ձեզի կը մաղթեմ քաջառողջութիւն, երկար եւ բեղմնաւոր տարիներ», եզրափակեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: