ԳՈՀԱՐ ՀԱՅ ԵՐԳ ՈՒ ՊԱՐՈՎ ՊԱՆԾԱՑՈՒՑ ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՓԱՌՔԸ

Գարնանային առաջին արեւներուն հետ լսեցինք ձայնը ԳՈՀԱՐ-ին, որ մեզի կը խոստանար փառաւորել Հայաստանի անկախութեան տարեդարձային տօնը Մայիս 28-ին: Խոստումը գործադրուեցաւ ճիշդ իր թուականին` շաբաթ, 28 մայիս 2011-ին, Հայաստանի մէջ, զարդարուն հրապարակին վրայ, ներկայութեամբ Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, հայ աւագանիին, բազմահազար բազմութեան: Այս հիանալի յայտագիրին, որ տեւեց մօտ երեք ժամ, հետեւեցաւ սփիւռքի միլիոնաւոր հայութիւնը` արբանեակային պատկերասփիւռային փոխանցումով, հրճուանքի ու հպարտութեան արժանաւորութեամբ:

Խաչատուրեան եղբարք անգամ մը եւս հայ ժողովուրդին շնորհեցին համայնական խանդավառութիւն, հայ մշակոյթի բարձրարուեստ ճաշակով, որ կրնար տալ միայն հայ հարազատ երգը, պարը: Խնճոյք էր իւրաքանչիւր տան մէջ` առանց ալքոլի միջնորդութեան: Տարիներու ընթացքին տարուած հետեւողական աշխատանքը Լիբանանէն դէպի Հայաստան եղաւ արդիւնաւէտ, մասնաւորաբար յիշեցնելու նոր սերունդին, թէ ունինք հայկական արուեստ եւ պանծալի մշակոյթ, որ չի կրնար փոխել իր գոյնն ու ձեւը, ինչպէս որ կարելի չէ փոխել մեր մորթին գոյնը: Ոչ ոք թող կարծէ, որ հետեւելով օտարին անհրապոյր արուեստին, մեր օրերուն ստեղծուած անգոյն եւ անորակ երգերով մոռցնել կու տայ մեր քաղցրահամ երգերը:

ԳՈՀԱՐ-փայլ համերգները, աշխարհին ներկայացուած այս հանդիսութիւնները կոչ ու կանչեր են մեր արուեստասէր սերունդին, որ կարելի է ինքնութիւն պահել միայն սեփական ստեղծագործութիւններով, հարազատ գոյներով:

Վաստակաշատ խմբավար Սեպուհ Աբգարեան կը պահէ իր գունագեղ երգացանկը` հայկական ժողովրդային, հայրենասիրական, կոմիտասեան երգերով, բազմաձայն հնչեղութեամբ, մեներգային կատարումներով:

Այս յայտագիրով հաճոյքով ունկնդրեցինք հայրենի աստղ-երգիչներու եւ երգչուհիներու կատարումները` իւրայատուկ մեկնաբանութիւններով: Երգիչներուն ընկերացան «Նայիրեան աղջիկների հեզաճկուն» պարերը` ընդհանուր տեսարանը ծաղկեցնելով գունագեղ պատկերներով:

Հսկայական նախապատրաստական գործունէութեան մը արգասիքը վայելեցինք մեր պատկերասփիւռի պաստառներուն հետեւելով` նոյն ատեն մտածելով կազմակերպիչներուն, գործադիրներուն եւ մանաւանդ ԳՈՀԱՐ-ը ստեղծած նուիրեալ Խաչատուրեան եղբայրներուն մասին, որոնց առատաձեռն ու սրտաբուխ արարքին պտուղը եղաւ անգնահատելի` վեր ամէն տեսակի գովելի բառերէ: Այս կը նշանակէ ինքնանուէր մատուցում հայ մշակոյթի, հայ երգարուեստի ու գեղարուեստի սիրոյն: Տակաւին կայ հրաշալի ներդրումը այն երաժիշտներուն եւ նուագածուներուն, որոնք արհեստավարժի վարպետութեամբ կ՛ընկերակցին իւրաքանչիւր երգողի` համահունչ եւ միատարր ձայնակցութիւնը պահպանելով:

Չըսինք, թէ բազմամարդ, 150 անդամներէ աւելի ԳՈՀԱՐ-ը համակարգչային գիտութեան մագլցումի այս օրերուն, մեր ականջները բաց կը պահէ հայակերտումի ճամբան շարունակող գեղեցկագոյն եւ ազնուագոյն արուեստին: Հայ արմատներէն ճիւղաւորուած մեր աննման լեզուին, երգին, պարին, գիրին ու գիրքին հաւատարիմ, անոնց փայլով պիտի դիմաւորենք մայիսեան նոր արեւները, որոնց «ոտնաձայնը կը լսենք»…

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

30 մայիս, 2011
Պէյրութ

Share this Article
CATEGORIES