ԲԱՑՈՒՄ` ՇՈՒՇԻԻ ՂԱԶԱՆՉԵՑՈՑ ՓՈՂՈՑԻՆ
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 21 մայիսին մասնակցեցաւ Շուշի քաղաքին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին միջոցներով կառուցուած Ղազանչեցոց փողոցի եւ Շուշիի կեդրոնական գրադարանի նորակառոյց շէնքի բացման հանդիսաւոր արարողութիւններուն:
Նախագահ Սահակեան երախտագիտութիւն յայտնեց հիմնադրամին Շուշիի մէջ վերականգնողական աշխատանքներ իրականացնելու համար` ընդգծելով, որ քաղաքի զարգացման ամէնէն յուսալի հիմքը կը հանդիսանայ համայն հայութեան ուժերու համախմբումը եւ այստեղ միացեալ ծրագիրներու իրականացումը:
Արարողութիւններուն կը մասնակցէին հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արթուր Թովմասեան, փոխվարչապետ Սպարտակ Թեւոսեան, կառավարութեան անդամներ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արա Վարդանեան եւ սփիւռքէն հիւրեր: