«ԸՆՏՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ՕՐԷՆՍԳԻՐՔՈՎ ԴԱՐՁԵԱԼ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՆՔ ՆՈՅՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԸ» Կ՛ԸՍԷ ԱՐՄԷՆ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Արմէն Մարտիրոսեան 27 մայիսին լրագրողներուն յայտնեց, որ Ընտրական օրէնսգիրքը օրինականութեան որեւէ սահման չունի, անիկա իշխանութիւններուն կողմէ ընդունուած եւ բացառապէս անոնց առաջարկներուն հիման վրայ ձեւաւորուած փաստաթուղթ է եւ չի համապատասխաներ բոլորին ցանկութիւններուն` կատարելու ազատ, արդար եւ թափանցիկ ընտրութիւններ:

Ան համոզում յայտնեց, որ ընտրական հոլովոյթին մէջ իշխանութիւնները պիտի  շարունակեն նոյն քաղաքականութիւնը, ինչ որ էր մինչեւ հիմա: «Ընտրական օրէնսգիրքը ընդունուեցաւ` առանց նկատի առնելու հասարակութեան եւ ընդդիմադիր ուժերուն կարծիքը, եւ սպասուող ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք մենք նորէն պիտի ունենանք այն խորհրդարանը, որ պիտի չհամապատասխանէ թէ՛ հասարակութեան տրամադրութիւններուն, թէ՛ այն խնդիրներուն, զորս անհրաժեշտ է լուծել», նշեց ընդդիմադիր պատգամաւորը:

Share this Article
CATEGORIES