Պարսելոնա Կը Մտադրէ Իր Կազմին Միացնել Տաւիտ Լուիսը

Իր լուրը քաղելով «Մունտօ Տեփորթիվօ»-էն` ArmSport.am կը յայտնէ, որ քաթալոնական Պարսելոնան կը մտադրէ իր կազմին միացնել Չելսիի պրազիլցի յետսապահ Տաւիտ Լուիսը` զօրացնելու համար իր պաշտպանողական գիծը:

Կ՛ակնկալուի, որ այս ամսուան ընթացքին Պարսելոնա այս առնչութեամբ պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացնէ Չելսիին: Անոր փոխանցման գումարը կը գնահատուի 35 միլիոն եւրոյով:

Ըստ «Մարքա»-ի, սակայն, անգլիական կազմը մերժած է այս առաջարկը` նշելով, որ ան աւելի կ՛արժէ:

Նշենք, որ Պարսելոնա հետաքրքրուած է նաեւ Փարիզ Սեն Ժերմենի խմբապետ Թիակօ Սիլվայով, ինչպէս նաեւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի 19 տարեկան խոստմնալից յետսապահ Մարքինիոսով:

Share this Article
CATEGORIES