Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Բացումը` Խոտի Վրայ Դահուկարշաւի Աշխարհի Բաժակի Ախոյեանութեան
Կազմակերպութեամբ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնին եւ հովանաւորութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, այսօր` հինգշաբթի, 11 յուլիսին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Ֆաքրա ակումբին մէջ տեղի կ՛ունենայ բացումը խոտի վրայ դահուկարշաւի աշխարհի բաժակի ախոյեանութեան:
Այս առնչութեամբ յատուկ լուսաբանութիւն տուաւ Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ` ներկայութեամբ ֆետերասիոնին անդամներուն եւ մարզական լրագրողներու:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 45 երկսեռ դահուկորդներ` հետեւեալ տասը երկիրներէն. Նեփալ, Սլովաքիա, Գերմանիա, Չեխիա, Իտալիա, Իրան, Աւստրիա, Ճափոն, Զուիցերիա եւ բնականաբար` Լիբանան:
Ան յոյս յայտնեց, որ լիբանանցի դահուկորդները արձանագրեն տպաւորիչ արդիւնքներ եւ բարձր պահեն Լիբանանի անունը:
Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը իր հիւրերը պիտի պատուէ իֆթարի երեկոյով մը:

